«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի այսօր կը մեկնի Սէուտական Արաբիա: Այս մասին երէկ լրագրողներուն յայտնեց Հարիրի, նախքան Մուսթաքպալ շարժումի խորհրդարանական պլոքի հետ հանդիպումը:
Ըստ տեղական լրատուամիջոցներու՝ Ռիատ կեցութեան միջոցին վարչապետի պաշտօնակատարը պիտի մասնակցի Ապագայ ներդրումային նախաձեռնութեան ամէնամեայ ժողովին:






