«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ներկայացնող տեղեկատուական նախարարի պաշտօնակատար Մըլհեմ Ռիաշի դիտել տուաւ, որ ԼՈն չի պահանջեր յատուկ պաշտօններ ձեռք ձգել նոր նախարարաց խորհուրդին մէջ՝ յաւելելով, որ կուսակցութիւնը երբեք չի խոչընդոտեր կառավարութեան կազմաւորման գործընթացը:
Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ հանդիպումէ ետք ի պատասխան այն հարցին, թէ արդեօք ԼՈն պահանջա՞ծ է ստանձնել հեռահաղորդակցութեան նախարարի պաշտօնը, Մըլհեմ Ռիաշի ըսաւ. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը չի պահանջեր յատուկ պաշտօններ: Աւելին, մենք որեւէ կերպ չենք խոչընդոտեր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը:






