«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Երեքշաբթի ըսաւ, որ Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի օդակայանին մօտ Հըզպալլա կուսակցութեան կողմէ հաստատուած հաւանական հրթիռակայանի առկայութեան մասին անցեալ ամիս ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին Իսրայէլի վարչապետ Պենճամին Նաթանիահուի պնդումները նպատակաուղղուած են հնարաւորինս սրելու հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը: