«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշխատանքային այցով Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւ գտնուող ՄԱԿի կեդրոնակայանին մէջ մասնակցած է այդ կազմակերպութեան Առեւտուրի եւ զարգացման ժողովի (UNCTAD)` երկամեայ պարբերականութեամբ կազմակերպուող Համաշխարհային ներդրումային համաժողովի (World Investment Forum 2018) բացումի հանդիսաւոր արարողութեան։ Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ յոբելենական` տասերորդ համաժողովը այս տարի տեղի կ’ունենայ «Ներդրումներ՝ յանուն կայուն զարգացման» խորագրով:
Մինչ համաժողովի բացումը, Հանրապետութեան նախագահը կարճատեւ զրոյց ունեցած է Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահ Ալան Պերսէի հետ, որուն հանդիպած էր նաեւ վերջերս Երեւանի մէջ Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան 17րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս։
Համաժողովի բացումին ներկայ եղած են Զուիցերիոյ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի Առեւտուրի եւ զարգացման ժողովի անդամ պետութիւններու, համաշխարհային գործարար համայնքի, ներդրողներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Համաժողովի մասնակիցներուն ողջունած է Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահ Ալան Պերսէն։
Համաժողովը այս տարի իր հարկին տակ հաւաքած է 160 երկիրներու աւելի քան 4000 ներկայացուցիչներ, այդ կարգին՝ տարբեր երկիրներու բազմաթիւ անդրազգային միաւորումներու, ներդրումային ազդեցիկ ֆոնտեր, մեծ ընկերութիւններու ղեկավարներ:
Համաշխարհային ներդրումային համաժողովի բացումին հետեւած է ՄԱԿի Ներդրումներու խրախուսման մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը, որուն մասնակցած է նաեւ նախագահ Սարգսեանը։
Մրցանակներու արժանացած են այն ընկերութիւնները, որոնք գերազանց արդիւնքներ գրանցած են ՄԱԿի կողմէ հռչակուած կայուն զարգացման նպատակներու, մասնաւորապէս աղքատութեան դէմ պայքարի, որակեալ կրթութեան ու առողջապահութեան ապահովման, կլիմայական փոփոխութեան դէմ պայքարի ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան մրցանակ յանձնած է հնդկական «Invest India» ընկերութեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այնուհետեւ այցելած է Համաշխարհային ներդրումային համաժողովի «Ներդրումային աւան»ի մէջ բացուած Հայաստանի տաղաւարը, ուր մեր երկրի ներդրումային միջավայրին, գրաւչութեան ու մրցակցային առաւելութիւններուն զուգահեռ` ներկայացուած են նաեւ Հայաստանի զբօսաշրջային հնարաւորութիւններն ու առանձնայատկութիւնները։
Նախագահը ծանօթացած է տաղաւարին մէջ ներկայացուած նիւթերուն, զրուցած այցելուներուն հետ:






