«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Ժընեւի մէջ աշխատանքային հանդիպում ունեցած է սինկափորեան մեծագոյն «Vertex Venture Holdings» ընկերութեան, զուիցերական «Swiss Sustainable Finance», գերմանական հանրայայտ «Siemens» ընկերութիւններու խումբին մէջ մտնող «Siemens Financial Services» կազմակերպութեան ղեկավարութեան հետ։
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի գրասենեակէն, հանդիպումին նպատակը արտերկրի գործարարներուն Հայաստանի ներդրումային դաշտին, տարբեր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ծաւալման հեռանկարներուն ծանօթացնելն էր:
Քննարկուած են նշուած ընկերութիւններու հետ փոխշահաւէտ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է անոնց փորձը Հայաստանի մէջ ներդնելու, ինչպէս նաեւ հայաստանեան ընկերութիւններուն հետ նախագիծեր իրականացնելու հնարաւորութիւններուն։
Մասնաւորապէս, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Հայաստան այցելելու եւ համագործակցութեան շուրջ կառավարութեան հետ քննարկումներ ծաւալելու վերաբերեալ։
Հանրապետութեան նախագահը ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան աւելի արագ զարգացող եւ հեռանկարային ուղղութիւնները: Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանը, հանդիսանալով ԵԱՏՄ անդամ, կրնայ շատ կարեւոր հանգոյց հանդիսանալ ԵՄ-ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու միջեւ, յատկապէս որ անոր համար առկայ են բոլոր պայմանները:
«Vertex Venture Holdings»ը վենչուրային ֆոնտերու համաշխարհային ընկերութիւն է, որ գլխաւորապէս կեդրոնացած է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ առողջապահութեան ոլորտներու մէջ վենչուրային ներդրումներու հնարաւորութիւններու վրայ:
«Swiss Sustainable Finance»ը կը միաւորէ 110 անդամ եւ գործընկեր կազմակերպութիւններ, այդ կարգին՝ զուիցերական դրամատուները։ Իր գործունէութիւնը ուղղուած է «մաքուր տնտեսութեան» գաղափարին եւ մաքուր գիւղատնտեսութեան զարգացման, ինչը այսօր արդիական խնդիր է Հայաստանի համար:
«Siemens Financial Services» ընկերութեան հետ քննարկուած է ուժաբանութեան, արդիւնաբերութեան, ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան հարցեր, մասնաւորապէս նշուած է, որ Հայաստանը՝ որպէս ԵԱՏՄ անդամ, կրնայ կամուրջ ըլլալ դէպի եւրասիական շուկաներ: