Իրանահայ փորձագէտ Թալին Մանսուրեան «Իրանի քարիւղի ազգային հիմնարկ»ի գլխաւոր տնօրէնի հրամանով նշանակուած է ներդրումներու եւ եկամուտներու կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնին: «Հայերն այսօր»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ «Համշահրի» օրաթերթը` կարեւորելով երիտասարդ մասնագէտներու, յատկապէս կանանց նման կարեւոր պաշտօններու ընձեռումը:
Յօդուածագիրը, ներկայացնելով Թալին Մանսուրեանի աշխատանքային փորձն ու ստացած կրթութիւնը, նշած է, որ նորանշանակ տնօրէնը միջազգային իրաւաբանական բաժանմունքի շրջանաւարտ է` առեւտրա-տնտեսական ուղղուածութեամբ: Յիշեալ պարբերականը, ողջունելի համարելով այս նոր նշանակումը, յոյս յայտնած է, որ նշուած ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ալի Քարդարի օրինակին կը հետեւին նաեւ միւս նախարարութիւնները, թեւ տալով երիտասարդութեան ներուժին` միաժամանակ խուսափելով բարեկամական ու ազգակցական կապերէն, կաշառքի միջոցով մարդոց պատասխանատու աշխատանքի ընդունելէն: