Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

Թրամփը Բացատրած Է, Թէ Ինչո՛ւ Զինքը «Չեն Սիրեր»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփը յայտարարած է, որ զինք չեն սիրեր միւս երկիրներուն մէջ, որովհետեւ ինքը «զանոնք կը հարկադրէ վճարելու»: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը գրած է իր Twitterի էջին վրայ:

«Զանգուածային կեղծախօս լրատուամիջոցները կը պատմեն, թէ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, ներառեալ Եւրամիութեան, աջակցութեան իմ վերջին վարկանիշներս ցած եղած են: Ի հարկէ անոնք ցած են, որովհետեւ 50 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ես զանոնք կը հարկադրեմ բարձր գին վճարել Ամերիկայի հետ առեւտուր վարելու համար»,- նշած է պետութեան ղեկավարը՝ աւելցնելով, որ, այնուամենայնիւ, ինքը նոյն դիրքորոշումը չունի անոնց նկատմամբ:

Ինչպէս կը յիշեցնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, ԱՄՆը Յունիս մէկէն գործարկած է պողպատի (25 տոկոս) եւ ալիւմինիումի (10 տոկոս) առեւտրական մաքսեր: Այժմ 25 տոկոս մաքսերով կը հարկուի պողպատի արտադրանքը բոլոր երկիրներէն՝ բացի Աւստրալիայէն, Արժանթինէն, Պրազիլէն եւ Հարաւային Քորէայէն: 10 տոկոս մաքսեր կը գործեն ԱՄՆ ալիւմինիումի ներմուծման համար բոլոր երկիրներէն՝ բացի Աւստրալիայէն եւ Արժանթինէն:

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին