Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

«Ելք»-ը Վարչապետի Պաշտօնին Համար Կ’առաջադրէ Փաշինեանի Թեկնածութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութիւնը որոշած է Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` լրագրողներուն յայտնեց  Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Գորգիսեան:

«Իրաւաբաններու հետ խորհրդկացութեան արդիւնքով որոշեցինք վարչապետի թեկնածու առաջադրել»,-ըսաւ Գորգիսեան:

Անոր խօսքով` նման որոշում առած են իրաւական գործընթացը ապահովելու համար:

ՀՀ վարչապետի ընտրութիւնը ԱԺ-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 24-ին: Այլ խմբակցութիւններէ դեռ թեկնածու չեն առաջադրած:

Մինչ այդ տեղին է յիշեցնել, թէ Երկուշաբթի օր Հայաստանի Ազգային ժողովը քուէարկութեան դրած էր կառավարութեան կողմէ ներկայացուած Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու նախագիծը: Փոփոխութիւններու նախագիծին թեր քուէարկեց 56 պատգամաւոր, մինչդեռ օրէնքը ընդունելու համար անհրաժեշտ էր 63 ձայն: Դէմ քուէարկեց 3 պատգամաւոր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին