Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Առաջին Եւ Վերջին Հանդիպումները Արա Կիւլերի Հետ

ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Ե՞րբ էր որ առաջին անգամ հանդիպեցայ Արա Կիւլերին կամ ճանչցայ զինք, յստակ կերպով չեմ յիշեր, բայց ինծի համար որպէս առաջին հանդիպում՝ քանդակուած է պատկեր մը, որուն մէջ ես ու ան, երկուքս ալ տակաւին պատանի, հետիոտն ման կու գանք Սուատիյէէն դէպի Պոսթանճը գացող ճամբուն վրայ։ Մեր երկուքին ալ ձեռքին մէջ կայ մէկ-մէկ լուսանկարչական գործիք։ Երկուքս ալ լուսանկարի սիրահար ենք ու տեսարաններ կը քաշենք։ Այդ շրջանին կարծես կ՛աշակերտէինք Նաճի անուն նշանաւոր լուսանկարիչի մը, որ նմանապէս կը բնակէր Սուատիյէի կողմերը։

Իսկ ե՞րբ էր, որ վերջին անգամ տեսայ Արա Կիւլերը, շատ լաւ կը յիշեմ։ Թերեւս տարի մը առաջ էր, մէկու մը հետ ժամադրութիւն ունէի, բայց ժամադրութիւնը մէկ ժամ վերջուան էր։ Ժամանակ անցընելու համար քալեցի մինչեւ Կալաթասարայի նշանաւոր «Արա» սրճարանը, որպէսզի նստիմ ու սպասեմ։ Դուրսը տեղ չկար։ Չկրցայ աթոռ մը գտնել։ Բարկացայ։ Բայց չէի գիտեր, որ ատիկա բարեբախտութիւն մը պիտի դառնար, որովհետեւ, երբ դուրսը տեղ չգտայ,  մէկ մըն ալ ներսը նայիմ ըսի, ներս մտայ ու տեսայ որ քիչ անդին Արան նստած է, կնոջ մը ընկերակցութեամբ։ Ան ալ զիս տեսաւ ու յանկարծ ձեռքի շարժումով մը զիս իր մօտը կանչեց։ Ողջագուրուեցանք, որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր զիրար չէինք տեսած։ Երիկամներէն անհանգիստ էր, իրեն ընկերացող տիկնոջ հոգածութեամբ շաբաթը երեք անգամ տիալիզի կ՛երթար։ Ասիկա սպառիչ յոգնութիւն մըն էր անոր համար։ Բայց նոյն «պոհէմ» Արան էր։ Հինէն-նորէն խօսեցանք, առանց մտածելու որ ասիկա պիտի ըլլար մեր վերջին հանդիպումը։

Արա Կիւլեր Սալվատոր Տալի հետ

 

Արա Կիւլերը ինծի համար համաշխարհային համբաւի տեսակէտէ բացառիկ երեւոյթ էր  պարզապէս անոր համար, որ յիսունական-վաթսունական թուականներուն, երբ գրական ու գեղարուեստական աշխատանք կը տանէինք Մխիթարեան Սանուց միութեան երդիքին տակ, մեզի հետ ունէինք Արա Կիւլերն ալ, որ շատ համեստ մասնակցութիւն կը բերէր թատերական ներկայացումներէ ներս դերեր ստանձնելով կամ հայերէն պատմուածքներ գրելով։ Մենք մեր երազին մէջ իսկ չէինք կրնար երեւակայել որ այդ Արա Կիւլերը աշխարհի ամէնէն նշանաւոր մարդոցմէ մէկը պիտի դառնար։

Դարձաւ։ Բայց Արա Կիւլեր երբեք չմտաւ յաւակնութիւններու եւ ինքնագովութիւններու յորձանքի մը մէջ, ընդահակառակը, ինքզինք նկատեց մամլոյ աշխատակից մը, որ պարզապէս վկայութիւններ կը բերէ իր ժամանակաշրջանէն։ Եթէ իրեն հարցուէր, ան պիտի ըսէր, որ ինք լուսանկարիչ չէ, այլ պատմաբան է։ Եթէ հաւատայինք իրեն, պիտի կարծէինք, որ Արա Կիւլեր այն տաղանդաւոր լուսանկարիչը չէր որ գլուխ-գործոց նկարներ կը վերցնէր մասնաւորաբար սեւ-ճերմակ աշխարհէն։ Բարեբախտութիւն է որ ամբողջ աշխարհ չհաւատաց Արա Կիւլերի համեստութեան ու անոր անձին մէջ ողջունեց մեր դարաշրջանի ամէնէն նշանաւոր ու արդիւնաբեր արուեստագէտներէն մէկը։

Թուրքիա դեռ շատ պիտի խօսի Արա Կիւլերին մասին, բայց Արա Կիւլեր աւելի շատ պիտի խօսի իր միլիոնաւոր լուսանկարներով, զորս ան կը թողու ամբողջ մարդկութեան։

Վերջին տարիներուն ընթացքին քիչ անգամ քով քովի եկանք, բայց միշտ միասին էինք միտքով ու ճաշակով։

Իր վաստակը շատ ծանր է, բայց հողը թող թեթեւ ըլլայ իր վրայ։

ԱՐԱ ԿԻՒԼԵՐԻ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Արա Կիւլեր ծնած է 16 Օգոստոս 1928ին, Իսթանպուլ։ Հայրը կը կոչուէր Տաճատ։ Յաճախած է Կեդրոնական եւ Մխիթարեան վարժարանները։ Թատրոնի բոլոր ճիւղերուն մէջ աշխատանք տարաւ։ Բեմադրութիւններ ըրաւ եւ թատերախաղեր գրելու ցանկութեամբ՝ աշակերտեց թուրք թատրոնի նշանաւոր ներկայացուցիչ Մուհսին Էրթուղրուլի։ 1950ին սկսաւ որպէս լրագրող աշխատելու «Ենի Իսթանպուլ» թերթին մէջ։ Շրջանաւարտ եղաւ Պոլսոյ համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքէն։ 1958ին, «Թայմ Լայֆ», «Փարի Մաչ», եւ «Սթերն» պարբերաթերթերուն մէջ որպէս լուսանկարիչ պաշտօն ստանձնեց։ Պաշտօնավարեց «Հայաթ» պարբերաթերթին մէջ՝ որպէս գլխաւոր լուսանկարիչ։ 1953ին ծանօթացաւ Հենրի Քարթիէի Պրեսոնի հետ, մասնակցութիւն բերելով «Փարիզ Մակնում» գործակալութեան։

Այնուհետեւ, Անգլիոյ մէջ հրատարակուող «Ֆոթոկրաֆի Էնուըլ Անթոլոճի» թերթը զայն հռչակեց որպէս աշխարհի լաւագոյն եօթը լուսանկարիչներէն մէկը։ 1962ին, Գերմանիոյ մէջ շատ քիչ թիւով լուսանկարիչի տրուած՝ «Մասթըր աֆ Լայքա» ¤«Լայքա»ի վարպետ) տիտղոսը ստացաւ։ Իսկ Զուիցերիոյ մէջ հրատարակուող «Գամերա» պարբերաթերթը անոր մասնաւոր սիւնակ յատկացուց։ Իր լուսանկարները լոյս տեսան Ճափոնի, Նիւ Եորքի, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ նշանաւոր պարբերաթերթերուն մէջ։

1971ին, ան Զուիցերոյ «Սքիրա» հրատարակչատան կողմէ աշխարհահռչակ նկարիչ Փիքասոյի ծննդեան 90ամեակին առթիւ հրատարակուելիք գիրքին համար, այս նշանաւոր արուեստագէտին հետ հարցազրոյց կատարեց եւ զայն լուսանկարեց, իր համբաւին վրայ անմոռանալի էջ մը եւս աւելցնելով։

1979ին, Թուրքիոյ մէջ լուսանկարեց «Հերոսին Վախճանը» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը, որուն համար Լրագրողներու միութեան լուսանկարչական ճիւղին մէջ առաջնութեան մրցանակին արժանացաւ։ Հերոսը՝ Եավուզ մարտանաւն էր, իր վերջին օրերուն։ Այս ժապաւէնը կը պատկերացնէր այդ շրջանի նշանաւոր մարտանաւին կտոր կտոր քակուիլը։

Արա Կիւլերի լուսանկարները տեղ գտած են Փարիզի Ազգային գրադարանին, Նիւ Եորքի «Ճորճ Իսթմըն» թանգարանին եւ Նեպրասքա համալսարանի «Շելտըն» հաւաքածոյին մէջ։ Կիւլերի լուսանկարները կը ցուցադրուին Քէօլնի «Լուտվիկ» թանգարանին մէջ եւս։ Արա Կիւլերի լուսանկարչական հաւաքածոյին մաս կը կազմեն 2 միլիոնէ աւելի լուսանկարներ։

 

«ՄԱՐՄԱՐԱ»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին