Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Սէուտացի Լրագրողը Խեղդամահ Ըրած Են

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Իսթամպուլի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութեան շէնքին մէջ սէուտացի ընդդիմադիր լրագրող Ճամալ Հաշքաճին սպաննած են խեղդամահ ընելով:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ Reutersը:

Reutersի փոխանցմամբ՝ Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը իրենց յայտնած է, որ սկզբնապէս նախատեսուած չէ եղած սպաննել Հաշքաճին:

Տեղեկութեան համաձայն՝ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները Թուրքիա ուղարկած են 15 անձ, որոնք հանգիստ ձեւով պէտք է Հաշքաճիին համոզէին վերադառնալ հայրենիք:

Լրագրողի հետ հանդիպումին այս 15 անձինք սկսած են սպառնալ իրեն, իսկ լրագրողը դիմադրած է, օգնութիւն կանչած, որով այդ անձինք ինկած են խուճապի մէջ:

Այդ խումբի անդամները փորձած են լռեցնել Հաշքաճին, որուն հետեւանքով ան շնչահեղձ եղած է:

Հաշքաճին սպաննելէ ետք անոր մարմինը փաթթած են գորգով, հիւպատոսական մեքենայով դուրս բերած եւ յանձնած են իրենց մտերիմ իսթամպուլցիներէն մէկուն:

Յանցաւոր խումբի անդամներէն մէկը հագած է Հաշքաճիի հագուստները, դուրս եկած է հիւպատոսութեան շէնքէն, որպէսզի անվտանգութեան տեսախցիկները հաստատեն, թէ «ինչպէս Հաշքաճին դուրս կու գայ»  շէնքէն: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին