«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆի գլխաւորած միաւորումի օդային հարուածներու հետեւանքով Տէր Զօրի մէջ զոհուած է աւելի քան 60 մարդ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, այդ մասին կը հաղորդէ «SANA» գործակալութիւնը:
«62 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, տասնեակ մարդիկ վիրաւոր են միջազգային միաւորումի օդային հարուածներուն հետեւանքով»,- կը գրէ գործակալութիւնը:
Միաժամանակ, աղբիւրը չէ յստակեցուցած օդային հարուածներու ամսաթիւը: