«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հազարաւոր ցուցարարներ Լոնտոնի մէջ Պրեքսիթը վերջնականապէս կեանքի կոչելու համար կը պահանջեն հանրաքուէ իրականացնել: «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ «BBC»ն:
Ցոյցի կազմակերպիչներուն համոզմամբ՝ միջոցառումը ամենամեծ, ամենաաղմկայարոյց եւ ամենակարեւոր բողոքի ցոյցն է:
Ցոյցը, որ կը կազմակերպէ «Ժողովուրդի ձայն» կազմակերպութիւնը, սկսած է երթով խորհրդարանի հրապարակէն: Ցոյցը կ’առաջնորդեն երիտասարդները: Կազմակերպիչները կ’ակնկալեն, որ անոր կը մասնակցի աւելի քան 100 000 ընտրող:






