«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆի եւ Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդներ Տոնալտ Թրամփի եւ Քիմ Չեն Ինի երկրորդ հանդիպումը հաւանական է, որ տեղի ունենայ յաջորդ տարեսկիզբին: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, այդ մասին կը հաղորդէ «Reuters»ը:
«Հանդիպումը, ամենայն հաւանականութեամբ, տեղի կ’ունենայ յաջորդ տարուան սկիզբը»,- ընդգծած է ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչը:
Աւելի կանուխ, ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնական Ճոն Պոլթոնը յայտարարած էր, որ Թրամփի եւ Քիմ Չեն Ինի նոր հանդիպումը տեղի կ’ունենայ մօտակայ ամիսներու ընթացքին:






