«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսթամպուլի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութեան շէնքին մէջ սէուտացի ընդդիմադիր լրագրող Ճամալ Հաշքաճին սպաննած են խեղդամահ ընելով:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ Reutersը:
Reutersի փոխանցմամբ՝ Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը իրենց յայտնած է, որ սկզբնապէս նախատեսուած չէ եղած սպաննել Հաշքաճին:
Տեղեկութեան համաձայն՝ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները Թուրքիա ուղարկած են 15 անձ, որոնք հանգիստ ձեւով պէտք է Հաշքաճիին համոզէին վերադառնալ հայրենիք:
Լրագրողի հետ հանդիպումին այս 15 անձինք սկսած են սպառնալ իրեն, իսկ լրագրողը դիմադրած է, օգնութիւն կանչած, որով այդ անձինք ինկած են խուճապի մէջ:
Այդ խումբի անդամները փորձած են լռեցնել Հաշքաճին, որուն հետեւանքով ան շնչահեղձ եղած է:
Հաշքաճին սպաննելէ ետք անոր մարմինը փաթթած են գորգով, հիւպատոսական մեքենայով դուրս բերած եւ յանձնած են իրենց մտերիմ իսթամպուլցիներէն մէկուն:
Յանցաւոր խումբի անդամներէն մէկը հագած է Հաշքաճիի հագուստները, դուրս եկած է հիւպատոսութեան շէնքէն, որպէսզի անվտանգութեան տեսախցիկները հաստատեն, թէ «ինչպէս Հաշքաճին դուրս կու գայ» շէնքէն:






