Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

Պճեղ Մը Հայերէն

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

         Յաջորդ եւ յառաջիկայ

            Մեծ է թիւը այն գրողներուն, որոնք կը շփոթեն այս երկուքը:

            Այսպէս, օրինակի համար՝ հետեւեալ խորագիրը.

            «Յաջորդ տարի յոբելենական  80-ամեակն է մեր թերթին»:

        Յաջորդ բառին այս կիրարկութիւնը՝ իբրեւ խորագիր,  պարզապէս…  հայերէն չէ: Որովհետեւ այնքան ատեն, որ նախապէս չէ նշուած այլ տարի մը, «յաջորդ տարի» բառակապակցութիւնը իմաստ չ’ունենար, ծանօթ ու ճշդելի տարի մը չի կրնար ըլլալ:

          Մտածենք քիչ մը. ո՞ր ծանօթ  տարուան պիտի հետեւի «յաջորդ տարի»-ն,– ո՛չ մէկ,  նման տարեթիւ չէ յիշուած:

          Մինչդեռ իմաստաւորուելու համար՝ յաջորդ ածականը իրմէ առաջ կը պահանջէ անունը այլ տարուան մը, որ իբրեւ մեկնակէտ պիտի ծառայէ իրեն՝յաջորդ-ին:

          Այլ օրինակ մը. ենթադրենք, որ պատահական փոքրիկի մը ըսենք. «Յաջորդին այսպիսի բան չընես»: Ան յապուշ պիտի կրթի եւ ձեզի հարց պիտի տայ. «Ի՞նչ բան պիտի չընեմ»,– որովհետեւ նման «յաջորդ» մը իմաստ չունի:

          Սակայն երբ նոյնը կ’ըսէք մէկուն, որ զանգը զարնելէն ետկ դասարան կը մտնէ,  այդ պարագային «յաջորդ»-ը իմաստ մը կը ստանայ.  ան կը նշանակէ «յաջորդ ուշանալուդ»:

          Այլ օրինակ մը.  «Անոնք որոշում կայացուցին 1956-ին եւ յաջորդ տարի ճամբորդեցին»: Այս պարագային «յաջորդ տարի» կապակցութիւնը իմաստ ունի, որովհետեւ ան կը յենի 1956-ին վրայ, մեկնակէտ ունի 1956-ը եւ կը նշանակէ 1957-ին:  Նման մեկնակէտ գոյութիւն չունի  վերի խորագիրին  արագային, քանի իրմով կը սկսի յօդուածը:

          Այս սխալ կիրարկութիւնը արեւելահայերը կը գործածեն հաց ու ջուրի պէս՝ հաւանաբար ռուսերէնի հետեւողութեամբ: Իսկ արեւմտահայ լրագրողը մեքենաբար  կ’ընդօրինակէ արեւելահայերէն բնագիրը:

           Բերուած խորագիրի հեղինակին փնտռած ածականը յառաջիկայ բառն է. «Յառաջիկայ տարի յոբելենական 80-ամեակն է մեր թերթին»: Յառաջիկայ բառը մեկնակէտի  պէտք չունի. իր մեկնակէտը իր իմաստին մէջն իսկ է: Արդարեւ, յառաջիկայ-ն այն է, որ կը յաջորդէ խօսած պահդ պարփակող ժամանակը:

          Ոեւէ հայերէն գիտցողի համար  «յառաջիկայ տարի» բառակապակցութիւնը կը բնորոշէ 2019-ն, եթէ այս խօսքը արտասանուած է կամ գրուած է  հի՛մա՝ 2018-ի՛ն, այսօ՛ր, թերթի ներկա՛յ թիւին մէջ:

          Իսկ եթէ զայն գրենք  2019-ին, ապա «յառաջիկայ»  պիտի նշանակէ 2020 եւ այսպէս շաունակ:

          «Յառաջիկայ օրերը դժուար պիտի ըլլան»,– մեկուսի նախադասութիւնը լիովին ինքնաբաւ է եւ կը նշանակէ՝ խօսողին ու լսողին համար, մեր այս խօսած պահուն կամ օրուան յաջորդող օրերը:

          Մինչդեռ «յաջորդ օրերը դժուար պիտի ըլլան»,– մեկուսի նախադասութիւնը ո՛չ մէկ յստակ ու որոշ օրերու կ’ակնարկէ. այսպէս է, քանի որ յաջորդ ածականը իմաստաւորուելու համար մեկնակէտ մը կը պահանջէ, իսկ այդ մեկնակէտը բացակայ է այստեղ:

          «Այսօր դիւրին է, սակայն յաջորդ օրերը դժուար պիտի ըլլան»,– հիմա հարցը փոխուեցաւ. մենք այլեւս գիտենք, որ այսօրուան  յաջորող օրերն են, որ պիտի դժուար ըլլան, այսինքն՝ վաղը, միւս օրը եւ այլն…

                                                           *      *

                                                               *

ա) Յաջորդ օրը անոնք պիտի վերադառնան:

Ե՞րբ է այդ վերադարձը,– չենք գիտեր, քանի յաջորդ-ը մեկնակէտ չունի:

բ)  Ուրբաթ օրը պիտի մրցին եւ յաջորդ օրը պիտի վերադառնան:

Ե՞րբ է այդ վերադարձը,– շաբաթ է, պարզ է, քանի  այստեղ յաջորդ-ը մեկնակէտ  ունի ուրբաթ-ը:

գ) Յառաջիկայ  երեքշաբթի պիտի վերադառնան:

Յառաջիկայ-ն ոչ մէկ մեկնակէտի կը կարօտի:

Ե՞րբ է այդ վերադարձը,– այս՝ ներկայ օրուան,– ուր կը խօսինք կամ կը գրենք,– յաջորդող եւ  մեր անմիջական առջեւը գտնուող երեքշաբթին է:

                                                            *      *

                                                                *

          Յաջորդ բառին յիշեալ սխալ կիրակութիւնը, ինչպէս ըսինք, հետեւանք է արեւելահայերէնի ռուսամոլութեան,  բայց ան միակը չէ: Անոր վրայ կու գայ աւելնալու  անգլերէնի  next  բառը, որ այնքան ընթացիկ է. հոն ուր հայ անվարժ խմբագիրը կը հանդիպի այս ածականին, իսկոյն զայն յաջորդ կը թարգմանէ, մինչդեռ  անգլերէն այս բառը հաւասարապէս կը նշանակէ թէ՛ յաջորդ եւ թէ՛ յառաջիկայ:

          Next week հաւասարապէս կը նշանակէ յաջորդ շաբաթ եւ յառաջիկայ շաբաթ: Հայ թարգմանիչը պարտի, հիմնուելով թարգմանելի հատուածին իմաստին վրայ, զատորոշելու, թէ այս երկուքէն ո՛ր մէկով հայերէնի թարգմանէ՝ յաջո՞րդ, թէ՞ յառաջիկայ:

          Իսկ ասոնք նոյնը չեն հայերէնի մէջ: Օրինակ՝

          ***Յուլիոս Կեսար սպաննուեցաւ 44-ին Քա.:  Յաջորդ տարի կազմուեցաւ  Եռապետութիւն մը:

          —Այս օրինակին մէջ փաստօրէն չեմ կրնար յաջորդը փոխարինել յառաջիկայով: Փորձեցէք ու պիտի տեսնէք, որ անկարելի է:

          Եւ վերջապէս  այս շփոթին կ’օժանդակեն մեր բառարանները եւս. 20-րդ դարու մեր կարեւորագոյն բառարանները բոլո՛րն ալ  յառաջիկայ-ին դիմաց  դրած են յաջորդ:

Յապաւումներով

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին