Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Սաատ Հարիրին Քննարկած Են Հայաստանի Եւ Լիբանանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Լիբանան կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Սաատ Հարիրիին ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան համար. «Սա իմ առաջին այցելութիւնն է եղբայրական Լիբանան՝ հնագոյն քաղաքա­կրթու­թիւնների պատմութեամբ լի մի երկիր: Վստահ եմ, որ այս այցը լաւագոյնս կը նպաստի տարբեր ոլորտներում երկկողմ համագործակցութեան օրակարգային հարցերի շուրջ քննարկմանը: Անշուշտ, մեր երկրների միջեւ կապերի խորացման եւ ամրապնդման գործում իր զգալի ներդրումն է ունեցել նաեւ Ձեր հայրը՝ երջանկայիշատակ Ռաֆիք Հարիրին, ով Հայաստանի մեծ բարեկամն էր»:

Սաատ Հարիրին նշած է, որ Լիբանանը բարձր կը գնահատէ բարեկամ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը եւ շահագրգռուած է անոր հետագայ ամրապնդումով: Ան կարեւորած է լիբանանահայ համայնքի դերակատարումը Լիբանանի զարգացման, ինչպէս նաեւ հայ-լիբանանեան կապերու խորացման գործին մէջ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու ներքաղաքական ընթացիկ իրավիճակին շուրջ: Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է այս տարուան Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած համաժողովրդական գործընթացներուն, ներկայացուցած անոնց բերումով տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւնները, ներկայիս գործընթացները եւ սպասվող զարգացումները:          

Նիկոլ Փաշինեան եւ Սաատ Հարիրին գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակ, եւ պէտք է աշխոյժ աշխատիլ տնտեսական բաղադրիչը եւս այդ նշաձողին հասցնելու ուղղութեամբ: Այս առումով զրուցակիցները կարեւորած են տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութեան աշխուժացումը: ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ գործարար միջավայրի բարելաւման, ներդրումներու պաշտպանութեան պետական երաշխիքներու ապահովման նպատակով ՀՀ կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը եւ առաջարկած է կազմակերպել լիբանանեան գործարար շրջանակներու այց Հայաստան` պայմաններուն ծանօթանալու նպատակով:

Կողմերը քննարկած են գիւղատնտեսութեան, փոխադրամիջոցներու, զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներու մէջ գործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընթացքին կապակցութեամբ, որուն դրական թափին նպաստած է նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ օդային հաղորդակցութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան ողջունած եւ կարեւորած է լիբանանեան ընկերութիւններու հետաքրքրուածութիւնը Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու եւ Հայաստանի միջոցով երրորդ շուկաներ մուտք գործելու հարցի գծով:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ միջազգային կառոյցներու մէջ հայ-լիբանանեան արդիւնաւէտ համագործակցութեան, տարածաշրջանային հարցերու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին