ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք«ի Արցախի Աշխատակից
Մատրիտեան Սկզբունքները Պէտք Է Համարել Փակուած Էջ
Հայաստանի մէջ ԱՄՆ արդէն նախկին դեսպան Ռիչարտ Միլսը «EVN Report»ի հետ զրոյցի ժամանակ բացառած է ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը՝ առանց, այսպէս ըսած, «գրաւեալ տարածքներու որոշ մասի վերադարձի»: Ացախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան կ’ընդգծէ, որ նախկին դեսպան Միլսին արդարացնելու ցանկութիւն չունի, բայց այն ինչ ըսած է ան, նորութիւն չէ եւ կը բխի հրապարակին վրայ եղած առաջարկներու միակ փաթեթէն՝ Մատրիտեան սկզբունքներէն: «Դեսպանը կրկնած է այն ինչ գրուած է Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ: Ատիկա համանախագահներուն կողմէ ՀՀ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնուած առաջարկներու վերջին փաթեթն է, որ ներկայացուած է դեռ 2007ին, Մատրիտի մէջ: Անկէ ետք նոր առաջարկներ չեն եղած: Այնպէս որ, Ռիչարտ Միլսը կրկնած է այն, ինչ կայ այդ առաջարկներուն մէջ»,- կ’ընդգծէ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարը կ’ընդգծէ, որ Մատրիտեան սկզբունքները վաղուց արդէն հնացած են եւ չեն կրնար հիմք ծառայել ոչ թէ պարզապէս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման, այլ նոյնիսկ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բովանդակային բանակցութիւններուն համար: «Մենք պէտք է այնպէս ընենք, շարունակենք աշխատանքը միջնորդներու հետ, որ անոնք հնացած մօտեցումներ չօգտագործեն մեր հակամարտութեան կարգաւորման համար»,- կը կարեւորէ Մասիս Մայիլեանը:
EVN Reportի հետ զրոյցի ժամանակ Ռիչարտ Միլսը անկեղծացած է. «Ես զարմացած էի, երբ առաջին անգամ այստեղ եկած եւ պարզած եմ, որ ինծի հանդիպած հայերու մեծամասնութիւնը կտրականապէս դէմ եղած է տարածքներու վերադարձին` որպէս բանակցային գործընթացի մաս: Իսկապէս շատ զարմացած յայտնաբերած էին, որ այդ տարբերակը այլեւս որեւէ աջակցութիւն չունի»,- ըսած է դեսպան Միլսը՝ փաստացի արձանագրելով, որ հայութեան, իր խոսքերով, իրեն հանդիպած մասը, չ’ընդունիր կարգաւորման Մատրիտեան տարբերակը: Մասիս Մայիլեանն ալ կ’ընդգծէ՝ հակամարտութիւնը հայութեան համար ի սկզբանէ տարածքային հարց չէ եղած: «Սա տարածքային վէճ չէ: Այս հակամարտութեան էութիւնը երկու արժեհամակարգերու բախում է,- հակամարտութեան արմատներուն կ’անդրադառնայ Արցախի արտաքին գործոց նախարարը:- Մէկ կողմէ մեր ժողովուրդին իրաւունքն է ազատ եւ անվտանգ ապրիլ հայրենիքի մէջ, միւս կողմէ Ազրպէյճանն է, որ կը փորձէ զաւթողական, ուժային ձեւով մեր ժողովուրդը զրկել այդ իրաւունքէն»: Տարածքային հարցեր, այնուամենայնիւ, կան, կը յիշեցնէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարը. «Հիւսիսային Արցախն է գրաւուած Ազրպէյճանի կողմէ, գիտէք: Մենք Շահումեանի, Գետաշէնի խնդիր ունինք, Մարտունիի, Մարտակերտի որոշ հատուածներու խնդիր: Մեր տարածքին մօտ 15 տոկոսը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ է»:
Այդ հարցերը պէտք է քննարկուին հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած բովանդակային բանակցութիւններու ժամանակ՝ պաշտօնական Ստեփամակերտի լիարժէք մասնակցութեամբ: «Արցախի նախագահը պարբերաբար կը նշէ այդ մասին: Արցախը պէտք է մասնակցի բանակցային ամբողջ գործընթացին՝ սկսած փիլիսոփայութենէն, մինչեւ խաղաղութեան մասին պայմանագիրի կնքումը»,- կը յիշեցնէ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը:
Բանակցային լիարժէք ձեւաչափը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը կը պնդէ նաեւ պաշտօնական Երեւանը՝ վերջին ամիսներուն աւելի անթաքոյց ու յաճախակի: «Առանցքին նորէն մարդու իրաւունքներն են, անվտանգութիւնը եւ բանակցութիւներուն՝ Արցախի մասնակցութեան վերականգնումը»,- կը թուարկէ Մասիս Մայիլեանը:
Հայկական կողմերը կը ձգտին խաղաղութեան, բայց ոչ ամէն գնով: Իր հարցազրոյցին մէջ դեսպան Միլսը նշած է, որ հայութիւնը անվտանգութեան հետ կապուած մտավախութիւններ ունի եւ 2016ին Ապրիլեան առճակատումէն ետք այդ մօտեցումը աւելի կարծրացած է: Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան կ’ընդգծէ՝ այսօր Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան հարցը առաջնահերթ է եւ որեւէ առաջարկ պէտք է առանցքին անվտանգութեան բաղադրիչը ունենայ. «Ամենակարեւոր հարցը այն է, որ մենք պէտք է ապահովենք Արցախի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը: Եւ, իմ կարծիքովս, կարգաւորումը պէտք է անվտանգութեան շուրջ կառուցուած ըլլայ: Տարածքները, որոնց մասին կը խօսուի, նաեւ մեր Սահմանադրութեամբ ամրագրուած են եւ մեր անվտանգութեան բաղադրիչ մասը կը կազմեն»:
Հնագէտներու Հերթական Անակնկալը Արցախէն
2016 թուականէն Նոր Կարմիրաւանի մէջ կանոնաւոր պեղումներ կ’իրականացուին: Հետաքրքրութիւններու առարկան մէկուկէսէն մօտ երկուքուկէս մեթրի հասնող քարէ մարդակերպ կոթողներն են՝ միանման, բայց որոշակի տարբերութիւններով: Այս տարի հնագէտները Նոր Կարմիրաւանի մէջ երկու անգամ հիւրընկալուած են՝ գարնան եւ աշնան: Հոկտեմբեր 11ին պեղումներու արդիւնքները ամփոփեցին: Հնագէտներու յոյսերը լիուլի արդարացած են: Արցախի մէջ առաջին անգամ մարդակերպ կոթողի տակ դամբարան բացուած է:
Մարտակերտի շրջանի Նոր Կարմիրաւան գիւղի հարեւանութեամբ մարդակերպ կոթողներու ամենամեծ կուտակման վայրին մէջ բացուած սեղանաքարի զրահը հնագէտները գարնան մաքրած էին: Նոյնիսկ դամբարանի մօտաւոր տեղը հաւաստանշած էին: Աշնան սկսան պեղումներու երկրորդ փուլը եւ յուսախաբ չեղան: «Սեղանաքարի զրահը հեռացուցինք: Մեր հաւաստանշած հատուածին մէջ ալ բացուեցաւ թաղումը: Խուցը մօտ մէկ մեթր լայնութիւն ունի, վեց մեթր երկարութիւն: Մարդակերպ կոթողը ձգած ենք իր նախնական դիրքին մէջ: Իսկ ահա խուցի հատուածին մէջ հողը հեռացուցած ենք՝ ընդհուպ մինչեւ յատակը»,- կը պատմէ եւ ցոյց կու տայ Նոր Կարմիրաւանի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար, ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան հիմնարկի գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նժդեհ Երանեանը: Անով ապացուցուեցաւ այն ինչ հնագէտները կ’ենթադրէին ի սկզբանէ. մարդակերպ կոթողները մահարձաններ են եւ դամբարանային կառոյցի մէկ մասը կը կազմեն: Մասամբ ծածկուած եղած է սալով: Խեցեղէնի մեծ մասը անվնաս է: Հնագէտները զանոնք նախնական դիրքի մէջ ձգած են, մինչեւ դամբարանախուցի ամբողջական բացումը: «Խեցեղէնը դեռ յստակ չենք թուագրեր, բայց կրնանք մօտաւոր ըսել՝ կը պատկանին մ.թ.ա. առաջին հազարամեակի առաջին կէսին եւ ժամանակագրօրէն կը համընկնին մարդակերպ կոթողներու տարածման շրջանին: Կան ե՛ւ կենցաղային, ե՛ւ ծիսական բնոյթի անօթներ՝ տարբեր ձեւերու եւ չափերու,- կը թուարկէ արշաւախումբի ղեկավարը:- Մեծ մասը սեւ իրանով անօթներ են, ինչը աւելի տարածուած էր այդ ժամանակահատուածին: Բայց ունինք նաեւ կարմիր իրանով խեցեղէն. այդ ժամանակաշրջանի եւ այս տարածաշրջանի համար ատիկա հազուադէպ երեւոյթ է»:
Բաւական հարուստ նիւթ գտնուած է նաեւ գործիքներու, զարդերու, ծիսական բնոյթի առարկաներու տեսքով: Անոնք արդէն նախնականօրէն տեսակաւորուած, առանձնացուած են: «Պրոնզէ եւ երկաթէ բեկորներ ունինք, ոսկորէ քանդակի բեկորներ, բաւական շատ ուլուքներ: Ամենահետաքրքրականը, սակայն, ծովային խեցիներու առատութիւնն է. կարելի է ըսել՝ դամբարանի յատակը ամբողջութեամբ այդ խեցիներով ծածկուած էր»,- կը թուարկէ եւ ցոյց կու տայ Նժդեհ Երանեանը:
Նոր Կարմիրաւանի մէջ պեղումները կ’իրականացուին Արցախի կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ: Աշխատանքները կը համակարգէ Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւնը: Պատմաբան-նախարարը կատարուած աշխատանքները ամէնէն առաջ այն տեսանկիւնէն կը կարեւորէ, որ անոնք թոյլ կու տան լոյս սփռելու մօտ 3 հազար տարի առաջ Արցախի տարածքին արձանագրուած տեղաշարժերու վրայ: «Սա ամէնէն առաջ մեր տարածաշրջանի քաղաքական պատմութիւնը աւելի մանրամասն ու հիմնաւոր շարադրելու հնարաւորութիւն կու տայ»,- կ’ընդգծէ Արցախի ՄԵՀԶ նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:
Միայն Արցախի մէջ հնագէտները արդէն երեք տասնեակէ աւելի մարդակերպ կոթողներ գրանցած են: Անոնք տարածուած են նաեւ Արցախէն դուրս՝ Իրանէն մինչեւ Հիւսիսային Կովկաս եւ Ղրիմ ինկած տարածքներուն: Մեծ մասը, սակայն, նախնական դիրքէն տեղաշարժուած է: Կոթողի տակ բացուած թաղումը կը մեծցնէ Նոր Կամիրաւանի դամբարանադաշտի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը ոչ միայն հայ պատմաբաններու մօտ: «Այո՛, շատերը կը հետաքրքրուին, յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն մասին տեղեկութիւններ կը փոխանակենք»,- կը պատմէ Նոր Կարմիրաւանի արշաւախումբի ղեկավարը: Առայժմ միայն կը հետաքրքրուին: Նժդեհ Երանեանը փակագիծերը դեռ չի բանար, բայց կ’ակնարկէ՝ համագործակցութեան հեռանկարներ կան: Ատիկա կը նշանակէ, որ ոչ հեռու ապագային այստեղ նաեւ միջազգային արշաւախումբեր կրնան աշխատիլ: Առայժմ, աւելի շատ զբօսաշրջիկները կը հետաքրքրուին: Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կը ծրագրէ քայլերու ձեռնարկել՝ տարածքը զբօսաշրջային նպատակներուն յարմարեցնելու համար: Կ’ակնկալեն, որ այցելողներ շատ կ’ըլլան: Նոր Կարմիրաւանը կը գտնուին Տիգրանակերտի հարեւանութեամբ, որ Արցախի ամենաշատ այցելու ունեցող զբօսաշրջավայրերէն մէկն է:
Ստեփանակերտ