Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

Շնորհաւորագիր «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ անոր 110-ամեակին առիթով

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. – Ամերիկահայ մամուլի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի «Ասպարէզ» օրաթերթը։ Ծնունդ առնելով Ֆրեզնոյի մէջ 1908 թուականին, յետագային կը փոխադրուի հայաշատ այլ քաղաք մը՝ այստեղ, Լոս Անճելըս, շարունակելով Արեւմտեան ափի մեր հայրենակիցները կապել հայերէնին, հայկականին, Հայաստանին ու աշխարհին։

Մամուլը իր անհաւասար տեղը ունեցած է լրատուական դաշտին վրայ։ Վերջին տասնամեակներուն, համակարգչային շարուածքին միջոցով մամուլին դերը հարիւրապատկուեցաւ՝ գրաւոր-թուղթին կողքին հարստանալով՝ գրաւոր-պաստառներով։ Այսօր, թերթ մը կարելի է կարդալ թուղթի, տարբեր չափերու համակարգիչներու, խելախօսներու, հեռաձայններու, եւ անընդհատ զարգացող այլազան նորարարութիւններու շնորհիւ։ Եւ այս բոլորը նաեւ հայատառ… Ինչպէս շնորհակալութիւն չյայտնել Մայքրոսոֆթին եւ Պիլ Կէյցին, Էփփըլ-Մաքինթոշին եւ Սթիվ Ճոպզին, որոնք յեղաշրջեցին աշխարհը, յեղափոխեցին «դեղին մամուլը», տանելով զայն… դէպի յաւերժութիւն։

«Ասպարէզ» օրաթերթին 110-ամեակին առիթով, մեր սրտբաց շնորհաւորութիւնները կ՚ուղղենք անոր ետին կանգնող կազմակերպութեան՝ որ հաւատաց եւ կը հաւատայ հայ մամուլին անհրաժեշտութեան Ամերիկայի այս ափերուն վրայ, կը շնորհաւորենք անցեալի թէ այսօրուան խմբագիրները, աշխատակիցները, թերթը տպագրութեան յանձնող անձնակազմը, ընթերցողները եւ վերջապէս՝ մենք մեզ՝ Քալիֆորնիոյ հայութիւնը, որուն ծառայութեան ուխտած են հայկական մեր թերթերը։

«Նոր Օր», որպէս շուրջ հարիւրամեայ գործընկերը «Ասպարէզ»-ի, ջերմօրէն կը շնորհաւորէ եւ կը մաղթէ յարատեւութիւն՝ տարածելու հայերէնն ու հայկականութիւնը մեր համայնքէն ներս թէ դուրս։

 

«Նոր Օր» շաբաթաթերթ

Հրաչ Սեփեթճեան, խմբագիր

Ալթատինա, 18 Հոկտեմբեր 2018

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին