ՆԱՀԱՊԵՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. – Տասներկու տարիքս բոլորած, պատանեկութեանս սեմին, այցի եկար Արեւելք՝ Սուրբ Քաղաքը «Մեծ կրօն»ներու: Ու հոն հայրենիքէն հեռո՜ւ… «փոքրիկ Հայաստան» մը գտար Սիոն լերան գագաթին բազմած… վանքը՝ հայոց Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան:
Մե՛ր վանքը… կրօնաբոյր, ուր հասակ առին սերունդները նոր, ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու բեկորներուն:
1963-ին էր, երբ այցելեցիր այդ հայաբոյր վանքի եւ քաղաքի միակ հայկական կրթական օճախը՝ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարան:
Հո՛ն քեզի կը սպասէր վարժարանի տեսուչը՝ Կիւրեղ Վրդ. Գաբիկեան, որ որքան ուրախ էր քեզ ցոյց տալու մատղաշ սերունդը Սաղէմի: Ու յանկարծ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասի պահուն, դուռը բացիր մեր դասարանին ու մտար ներս մեր անակնկալ ուրախ ծափերուն տակ:
Լսած էինք քո՛ւ անունը, համբա՛ւը, քո՛ւ երգերը հանրաճանաչ… եւ հիմա կանգնած մեր դիմաց, թէպէտ փոքրամարմին, սակայն Դանիէլ Վարուժանի «Սերմնացան»ին նման յաղթահասակ՝ հայու աչքերով… վառվռուն, բարութիւն բուրող, որոնող, խօսող, պատգամող:
Ու յանկարծ ոսկեղնիկը ծաղկեցաւ շրթներուդ վրայ…
– Բարեւ ձեզ,– փոխան քու խօսակցական մայրենի ֆրանսերէն լեզուի՝ «Պօնժուր»:
Օ՜ արդ երկու բառը Մաշտոցեան, աշխարհ մը բացաւ մեր բոլորին առջեւ:
Մեր առաջին ծափերը ծափահարեցինք քեզի, ա՛յն օրերուն, երբ քու յետագայ վկայութեամբդ՝ «ասպատակուած» էիր կեանքի դառն խաղէն, երկրորդ անգամ ըլլալով:
– Առաջին անգամ ամուսնացայ, երբ փոքր էի տարիքով, երկրորդ անգամ երբ «յիմար» էի,– կը խոստովանէիր հետագայ հարցազրոյցներուդ մէջ:
Ու այդ կեանքի ցաւն ու տառապանքը գուցէ ամոքելու համար, եկած էիր Արեւելք, Սիոնի լերան լանջին փռուած արեւի շողերով ջեմանալու Հայ Երուսաղէմին մէջ, քաղաքը Քրիստոսակոխ, հայրենակիցներ որոնելու, խօսելու, ուրախանալու, ժպտալու անոնց հետ:
Եւ այդ ուրախութիւնն էր, լայն ժպիտդ, որ ակօսներ բացաւ քառասնամեայ դէմքիդ վրան եւ խաղաղութեան «նոր ծիածան» մը հոգւոյդ մէջ:
Ու խօսեցար մեզի հետ… յայտնեցիր ուրախութիւնդ այցելած ըլլալու Երուսաղէմ, եւ հո՛ս գտած ըլլալու սրտիդ այնքա՜ն մօտիկ՝ «Հայաստան մը փոքրիկ»:
Կարճ էր հանդիպումդ մեզի հետ, բայց այն կարճ ժամանակը նոր ակօս մը բացաւ մեր մատղաշ մտքի յիշողութեան դաշտին վրայ… լուսաւո՜ր ակօս մը:
Չմոռցանք քեզ:
Ու անցնող տարիներուն հետ, հասակ առինք քո՛ւ երգերով, կեանքը վայելեցինք քո՛ւ երգերով, սէր յայտնեցինք քո՛ւ երգերով ու այսպէս սերունդնե՜ր ամբողջ:
Համամարդկային քու բանաստեղծութիւնները անգիր սորվեցանք, ու երգեցինք քեզի հետ, մերթ ձայնակից ըլլալով ու մերթ շշնջալով:
Այն օրերուն ի՞նչ իմանար մանուկ հոգին, որ ՄԵ՜Ծ էիր դուն… աշխարհահռչակ, աշխարհաքաղաքացի:
Ու հիմա, հասուն տարիքիս, մինչ դուն արդէն բոլորած 94 գարուններ, հրաժեշտ տուիր «դար մը ապրելու» խոստումէդ առաջ, ցնցուեցաւ Ֆրանսան, ցնցուեցաւ հայաշխարհը: Ու այդ ցնցումին ալիքները տարածուեցան ամէնուրեք, որ ցնցեց աշխարհը ու մարդկութիւնը համայն: Ու յանկարծ պարապութի՜ւն մը զգացին բոլորը… բոլորս:
Դո՛ւն, որ հպած էիր մարդոց հոգւոյն, սրտին ու սիրոյ ջերմութիւն թողած հոն… չկա՜ս այլեւս, գացիր միանալու ծնողքիդ, զաւկիդ… ու միանալու այն մեծերուն, որոնք այս երկրաւոր աշխարհին վրայ իրենց հետքը թողուցին, դրոշմը դրին ու դարձան «նշխարեալ բեկոր» երկնային:
Մեկնեցա՜ր… բայց յո՛ւշ դարձար մարդոց հոգիներուն ու սրտերուն մէջ, ու դեռ նայուածքներուն առջեւ սերունդներուն գալիք:
Մեկնեցա՜ր… բայց ո՛չ այնքան անշուք ու լո՜ւռ:
Լաց եղաւ մարդկութիւնը համայն, թաց աչքերով հետեւեցան սգոյ հանդէսներուն, մոմավառութիւններ ու ծաղիկներ ամէնուրեք, ուր անունդ էր ամրագրուած, յուշարձաններ կանգնած:
Ասպետական Ֆրանսան ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը խոնարհեցուցին իրենց դրօշները, որոնք եղան հայրենիքներդ քու:
Խոնարհեցաւ մարդկութիւնը համայն յիշատակիդ առջեւ անթառամ:
Չմեկնած ըսած էիր քու խօսքդ՝ «Սի՛րտս Հայաստանին, հոգի՛ս Ֆրանսային, իսկ ձա՛յնս աշխարհին կը պատկանի»:
Ու այդ խօսքիդ հաւատարիմ, Ֆրանսան պետական բարձր մակարդակով, Ֆրանսայի դրօշը դագաղիդ վրան, հայոց դրօշի եռագոյն վարդերով, զինուորական պատուոյ պահակներու ուսամբարձ եւ յամրաքայլ քայլերով, հայկական տուտուկի վրայ «Տլէ եաման»ի նուագակցութեամբ քեզ բերին հրապարակ: Հոն էին Ֆրանսայի պետական աւագանին իր նախկին նախագահներով, զինուորական պատուոյ գունդեր, ընտանիքդ, մտերիմներդ, արուեստագէտ մարդիկ: Հո՛ն էր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աւագանին եւ հայրապետը հայոց:
Եկած էին բոլորը իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու Շանսոնիէին, սիրտեր հմայող մեծ երգիչին, մեծ պոէտին, հո՛ն Ֆրանսայի մէջ, ուր «պոէտները չեն մեռնիր, այլ յաւերժ կ’ապրին», ինչպէս վկայեց նախագահ Մաքրոն:
Ու սգահանդէսի աւարտին, Ֆրանսայի պատուոյ պահակնեը երբ կրկին ուսամբարձ քեզ պիտի տանէին քու վերջին հանգիստիդ, հնչեց քու իսկ երգը հրաժեշտի… «Տարէ՛ք ինձ»:
Ու տարին քեզ համայն մարդկութեան աչքին առաջ, որոնք գամուած հեռատեսիլի կայաններուն առջեւ թաց աչքերով հետեւեցան մեկնումիդ, դէպի… Յաւերժութիւն: Ու այդ պահուն ծափահարեցին քու ապրած կեանքիդ համար, քու վաստակիդ, քու աստուածատուր շնորհքիդ, մեծութեան, տաղանդիդ, ազնուութեան, բարութեան, բարեգործութեան եւ մանաւանդ մեծահոգի ՄԱՐԴ ըլլալուդ:
Ու այդ բոլորին հետ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն ոտքի ելայ տանս մէջ եւ իմ հրաժեշտի վերջին ծափս ծափեցի, այնպէս ինչպէս ծափահարած էի քեզի աւելի քան յիսնամեակ մը առաջ Երուսաղէմի մէջ, երբ մեր դասարանը մտար:
Բայց ա՛յս անգամ թաց էին աչքերս: