Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսոութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողով

Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2018-ին,Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, գումարուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի լիակատար նիստը։

Ժողովի ընթացքին յաջորդաբար լայն քննարկումի նիւթ դարձան Կաթողիկոսարանի կալուածներու ու շինարարութեան առնչուած աշխատանքներ ու ծրագիրներ, շահարկման ու տնտեսական հարցեր, թեմերու վերակազմակերպումի գործընթացքին հետ աղերս ունեցող աշխատանքներ, յարաբերութիւն ու գործակցութիւն Հայաստանի ու Արցախի հետ, Կաթողիկոսարանի հովանաւորութիւնը վայելող ընկերային ու մարդասիրական հաստատութիւններու հետ կապ ունեցող աշխատանքներ (Ազգային Բուժարան, Թռչնոց Բոյն, Ազգային Ծերանոց), Ֆանարի ժողովրդային տուներու հետ կապուած հարցեր եւ ընդհանրապէս թեմերուն կողմէ ներկայացուած առաջարկներ կամ մտահոգութիւններ։

Քաղաքական Ժողովը Կրօնական Ժողովին նման կը բաղկանայ 17 աշխարհականներէ։Անոր ատենապետներն են Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերեճեան, իսկ ատենադպիրն է Սեդա Խտըշեան եւ Վահէ Եագուպեան։

Նոյն օրը երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սահմանադրութեան համաձայն, տեղի ունեցաւ Խառն Ժողով։

Սոյն հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուցան Անթիլիաս-Էջմիածին եւ Անթիլիասի-Հայաստան-Արցախ գործակցութեան առնչուած հարցեր, թեմական կանոնագրութիւններ, Սիսի Կաթողիկոսարանի դատ, Նոր Կիլիկիա գիւղի ծրագիր Արցախի մէջ եւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնում։

Վերոյիշեալ մարզերու կամ հարցերու գծով ժողովականներուն տրուեցան անհրաժեշտ բացատրութիւններ եւ առնուեցան յառաջիկայ աշխատանքներուն գծով որոշումներ։

Վեհափառ Հայրապետը եզրակացնելով ամբողջ օրուան ընթացքին տեղի ունեցած ժողովական աշխատանքները՝ շեշտեց մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս ժողովական կառոյցներու ճամբով մեր ժողովուրդի մասնակցութեան առաւել զարկ տալու հրամայականը, յատկապէս թեմական մակարդակի վրայ։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ մեր Ս. Աթոռը միշտ կը մնայ թափանցիկ իր գործունէութեան մէջ եւ համառատու՝ իր ժողովուրդին։ Ան նաեւ շեշտեց մեր եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներուն հետ մեր գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման նպաստող աշխատանքները աւելի ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին