Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահն Ու Հայկ Մարութեանը Միտքեր Փոխանակած Են Երեւանի Զարգացման Հեռանկարներուն Վերաբերեալ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահը անգամ մը եւս շնորհաւորած է նորընտիր քաղաքապետը, մաղթած է արդիւնաւէտ աշխատանք՝ ի շահ մայրաքաղաքի զարգացման եւ անոր բնակիչներու բարեկեցութեան:

Նախագահն ու քաղաքապետը միտքեր փոխանակած են մայրաքաղաքի զարգացման հեռանկարներուն, ընթացիկ ու ապագայ ծրագիրներու շուրջ: Հայկ Մարութեանը նախագահին տեղեկութիւններ ներկայացուցած է Երեւանի 2800ամեակի տօնակատարութիւններուն մասին:

Հանդիպումէն ետք նախագահն ու քաղաքապետը այցելած են «Երեւան, իմ սէր» հիմնադրամ: Շրջայցի ընթացքին քաղաքապետը ծանօթացած է հիմնադրամի գործունէութեան ու ծրագիրներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին