Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Հայ Զինծառայողները Մասնակցած Են Միջազգային Հեղինակաւոր Վարժանք-Մրցոյթին

ՀՀ զինուած ուժերու յատուկ նշանակութեան 10 հոգինոց ստորաբաժանումը Հոկտեմբեր 5-19 մասնակցած է Ուելսի մէջ իրականացուող Քեմպրիան Փաթրոլ վարժանքի նախապատրաստական ծրագիրին եւ բուն վարժանքին: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Քեմպրիան Փաթրոլը աշխարհի մէջ ամենամեծ վարժանք-մրցոյթն է, որ կ’իրականացուի 1959էն, Ուելսի 160րդ հետեւակային բաժինին կողմէ: Երկօրեայ բուն վարժանքին ընթացքին տասնեակ երկիրներու խումբեր, կիրառելով մարտավարական հմտութիւններ եւ ֆիզիքական մեծ ջանքեր, պէտք է յաղթահարեն 60 քիլոմեթրնոց տարածք` շարժելով վարժանքի անհատական սենարին համաձայն: Մրցոյթի մասնակիցներու մօտ մէկ երրորդը սովորաբար չի կրնար աւարտել վարժանքը: Յաղթահարելով ամբողջ տարածութիւնը եւ հաւաքելով համապատասխան միաւորներ, խումբերը կը ստանան Քեմպրիան Փաթրոլը յաղթահարելու հաւաստագիր:

Այս տարի վարժանքին մասնակցած են 36 երկրի խումբեր: ՀՀ զինուած ուժերու խումբը գիշերային եւ ցերեկային պայմաններու մէջ յաջողութեամբ յաղթահարելով ինքնաշէն պայթուցիկ միջոցներու, քիմիական, կենսաբանական եւ ռատիոլոկիական արգելքները, կիրառելով վիրաւորներու տարհանման, հետախուզական, ջրային տարածութիւններու յաղթահարման հնարքներ, հաւաքած են բաւարար միաւորներ եւ արժանացած Քեմպրիան Փաթրոլի հաւաստագիրին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին