Կիրակի, 10. 12. 2023

spot_img

ԹՄՄ Փասատինա-Կլենտէյլ. Արուեստի երեկոյ մշակոյթի ամսուան առիթով

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. – Կիրակի, 4 Հոկտեմբերի երեկոյեան մշակութասէր բարեկամներու եւ համակիրներու ժամադրավայրն էր Աթլատինայի ԹՄՄ-ի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահը։ Միութեան Փասատինա-Կլենտէյլի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր արուեստի երեկոյ մը։

Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի երկարամեայ վարչական եւ ատենապետ, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գէորգ Քէօշկէրեանը, որ ամփոփեց մշակոյթի ամսուան խորհուրդը, յայտնելով Հոկտեմբեր 13 թուականը պատմականօրէն եղած է մշակոյթի հայկական օրը։ Ան առաջին հերթին հրաւիրեց գաղութէս ներս ծանօթ երգիչ՝ Ռաֆֆի Քերպապեանը, որ յայտագրի առաջին բաժնով հրամցուց ներկաներուն երկու ծանօթ հայկական երգեր, իսկ յայտագրի երկրորդ բաժնով ալ հայերէն երգով ու նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի անգլերէն «Yesterday day when I was young» ծանօթ երգը, արժանանալով ներկաներու ծափողջոյններուն։

Փաթիլ եւ Սինդիա Ալպարեան պարմանուհիներու հայկական հեզաճկուն պարերը, երեք տարբեր առիթներով յայտագրի ընթացքին բարձր գնահատուեցան անտարակոյս։

Ասմունքի երկու քերթուածներով հանդէս եկան ծանօթ ասմունքող, հայերէն լեզուի դասատու Աստղիկ Տատուրեանը, որ արժանացաւ անվերապահ գնահատանքի։

Մշակութային ամսուան միջոցառման երգերու փունջ մը հրամցուց մասնաճիւղի վարչական անդամ Խաչիկ Նահապետեանը, Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին երգելով Սայեաթ-Նովայի ծանօթ «Բլբուլի հիդ» երգը։

Կոկիկ ու խնամուած յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Հոգշ. Տէր Գեղամ Վրդ. Զաքարեանի փակման աղօթքով։ Հայ մշակոյթի ամսուան նուիրուած գնահատելի միջոցառում մը, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած հիւրասիրութիւնը։

Շնորհակալութեան խօսք ունինք նաեւ մասնաճիւղի վարչական անդամ՝ Փօլ Իշխանեանին, որ ստանձնած էր ձայնի պատասխանատուութիւնը։

 

Ա. Ա.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին