Համառօտ ակնարկ ծննդեան 140-ամեակին եւ մահուան 75-րդ տարելիցին առթիւ
ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. – Գրասէր հասարակութիւն մը եկած էր Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի հանդիսասրահը, ներկայ գտնուելու Զապէլ Եսայեանի նուիրուած գրական եկեկոյին, որ կազմակերպուած էր Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10-ի երեկոյեան, ԹՄՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կողմէ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ միջոցառման հանդիսավար՝ վարչական անդամուհի, հայերէն լեզուի ու գրականութեան դասատու՝ Նազիկ Գոճայեանը, անդրադառնալով Եսայեանի գրական վաստակին, որուն ընդարձակ ներկայացումը թողնելով իր կողակիցին՝ Դոկտ. Մինաս Գոճայեանին, որպէս միջոցառման զեկուցաբեր։
Յայտագրին գեղարուեստական բաժինը ընթացք առաւ Կոմիտասի «Կռունկով», դաշնամուրի վրայ Շուշան Յակոբեանի, իսկ ջութակի վրայ՝ Ռուբէն Աղիեանի նուագակցութեամբ։
Ապա, հանգամանօրէն ներկայացնելէ ետք, երկարամեայ դաստիարակ, «Նոր Օր» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր, ծանօթ հրապարակագիր ու գրականագէտ Դոկտ. Մինաս Գոճայեանը, Տիկ. Գոճայեան հրաւիրեց զինք բարձրախօսին քով։ Յարգարժան զեկուցաբերը համապարփակ անդրադարձաւ Զապէլ Եսայեան անձին, գործունէութեան, անոր տեղը շեշտելով հայ եւ օտար հասարակութեան մօտ, ինչպէս նաեւ մէջբերելով վկայութիւններ ու ընթերցումներ (Տիկ. Գոճայեանի կողմէ) եւ աւարտին՝ սահիկներով ցոյց տալով Եսայեանի բնակութեան ու կրթութեան հետ առնչուող լուսանկարներ։
Միջոցառման աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Ստորեւ, Դոկտ. Գոճայեանի դասախօսութիւնը՝ յապաւումներով։
Ա. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
1878-ին Պոլսոյ Իսկուտար թաղին մէջ լոյս աշխարհ կու գար մանուկ մը, որուն պիտի վիճակուէր դառնալու ո՛չ միայն հայ, այլե՛ւ միջազգային չափանիշով աչքի զարնող երեւոյթ մը։ Այդ մանուկը հետագային պիտի դասէին դարուս հինգ նշանաւոր կիներէն մէկը։ Ան Զապէլ Յովհաննէսեանն էր, որ ամուսնանալէ ետք նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ, պիտի կոչուէր Զապէլ Եսայեան։
Ս. Խաչ դպրոցը աւարտելէ ետք հայրը կը քաջալերէր երիտասարդութեան նոր սեմին մտած տասնեօթը տարեկան Զապէլը, որպէսզի հետեւէր Եւրոպայի ամէնէն բարձր վարկանիշը վայելող Սորպոնի Համալսարանի գրականութեան ճիւղին (պատմութիւն, հոգեբանութիւն, ընկերային-հասարակական գիտութիւններ)։ Այսպիսով ան կ՚ըլլար իգական սեռի ԱՌԱՋԻՆ ներկայացուցիչը, որ որպէս Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի կը հետեւէր համալսարանական կրթութեան՝ գիտութեան վերոյիշեալ տաճարին մէջ։
Ի պատիւ Զ. Եսայեանի պէտք է ըսել, թէ որպէս ֆրանսերէնի գիտակ ան կը սկսի տպուիլ ատենի ամէնէն հռչակուած վարկ վայելող Mercure de France-ի մէջ։ Այս երեւոյթի չի վրիպիր Փարիզ հաստատուած Արշակ Չօպանեանի ուշադրութենէն (Համիտեան հալածանքներու պատճառով Ա. Չօպանեան չէր կրնար Պոլիս վերադառալ)։ Մեծանուն գրողն ու գրականագէտը կը հրաւիրէ աշխատակցիլ «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» թերթերուն։
Ուսումն աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Պոլիս։ Կանանց շարժումներուն քաջածանօթ Զապէլ կը նուիրուի ոչ միայն հայ այլեւ Օսմանեան կայսրութեան կանանց ազատագրման գործին։
ՊՈԼԻՍ ՎԵՐԱԴԱՐՁԷՆ ԵՏՔ
Պոլիս վերադարձէն ետք երիտասարդ համալսարանաւարտ ու խոհուն մտաւորական Զապէլ Եսայեան իր առջեւ կը գտնէր գործունէութեան ընդարձակ ասպարէզ մը։ Իր դաւանած սկզբունքները կիրարկելու, հասարակութիւնը բարեշրջելու եւ հայ կանանց դերը բարձրացնելու նախանձախնդրութեամբ ան «կը յարձակի» մի քանի ճակատներու վրայ։
Ա.– Գրականութիւն
Թուենք Զապէլ Եայեանի գործերը՝ արձակ եւ բանաստեղծութիւն։ Գրած է վիպակներ, պատմուածքներ, հրապարակախօսական ակնարկներ եւ յօդուածներ, ճամբորդական նկարագրութիւններ, որոնցմէ յիշատակելի են հետեւեալները՝ «Կեղծ հանճարներ», «Վերջին բաժակը», «Հոգիս աքսորեալ», «Սիլիհտարի պարտէզները», «Աւերակներու մէջ», «Նահանջող ուժեր», «Կրակէ շապիկ», «Պրոմեթէոս ազատագրուած»։
Գրագիտուհիին արձակ ստեղծագործութիւններուն մէջ ստուար թիւ մը կը կազմեն կնոջ հոգեկան աշխարհին, իւրայատկութեանց, հասարակական դիրքին նուիրուած գործերը։ Հետեւեալ տողերը լաւագոյնս կ՚արտայայտեն Զ. Եսայեանի գաղափարական հիմքը։ Ան կը գրէ. «Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը ծնած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրան գործօն բարերար մը դառնալը»։
Զապէլ Եսայեան, ինչպէս իր ժամանակակից մտաւորական ափ մը լուսաւորեալ կիներ, աւելի խորութեամբ կը ներկայացնէր կնոջ դերը առողջ հասարակութիւն մը եւ հետեւաբար առողջ ազգ մը կերտելու ջանքերուն մէջ։ Եսայեանի վէպերուն եւ վիպակներուն մէջ յատկանշական կը դառնան կանանց հոգեբանութիւնը վերլուծող միտումներ։ Կնոջ հոգին նուրբ է, երբեմն անմեկնաբանելի, խորունկ եւ առեղծուածային, որոնք զինք կը զատորոշեն այր մարդէն, բայց չեն հակադրուիր կամ հակասութեան մէջ չեն մտներ այր եւ կին յարաբերութեան մէջ։ Կինը կ՚ամբողջանէ ու կ՚առողջացնէ մթնոլորտը։
Բնականաբար Զապէլ Եսայեան իր արձակ գործերուն մէջ պիտի անդրադառնար ամուսնութեան հարցին։ Իրեն համար ընտանեկան առողջ մթնոլորտը կը սկսի ապագայ կողակիցներու ազատ ընտրութեամբ։
Հայ գրականութեան մէջ Զ. Եսայեան տակաւին չգերազանցուած գրագիտուհին է հոգեբանական վէպին։ Ան՝ կնոջ նրբագոյն զգացումները կը փնտռէ ու խորապէս կը թափանցէ կնոջ հոգեկան նուրբ ծալքերէն ներս։ Ոչ ոք մեր գրականութեան մէջ իրեն չափ թափանցեց կնոջ փխրուն հոգիէն ներս՝ ներկայացնելու համար կնոջ մը լուռ տառապանքները եւ թաքնուած արցունքները։ «Հոգիս աքսորեալը» ստեղծագործութեան մէջ ան խոր հարազատութեամբ կը ներկայացնէ արուեստագիտուհիի մը հոգեվիճակը, ուր կինը չ՚արժանանար պէտք եղած ուշադրութեան, կը դառնայ հասարակութեան անտարբերութեան առարկան, մինչ ինք կ՚ուզէր գնահատուիլ որպէս արուեստագիտուհի։
«Համբերութեան բաժակը» կը ներկայացնէ կինը խորաթափանց ու իրապաշտ վերլուծումներով։
Հերոսական հայ կնոջ կերպարը չէր կրնար վրիպիլ Զապէլ Եսայեանի ամենատես աչքէն։ 1909-ի Ատանայի կոտորածէն անմիջապէս ետք ան պատուիրակութեամբ մը կը ղրկուի Կիլիկիա, ուր ականջալուր եւ ականատես կ՚ըլլայ հայ ժողովուրդի քանի մը օրուայ ընթացքին ենթարկուած կոտորածներու եւ սարսափներու նկարագրութեանց ու տեսարաններու, բայց այդ ահաւաոր դէպքերու ընդմէջէն ան կը կը յայտնաբերէ հերոսական հայ կիներ, որոնք իրենց եղբայրներուն եւ ամուսիններուն կողքին հաւասարապէս զէն ի ձեռին կռուեցան թրքական գերազանց ուժերու դէմ։ «Աւերակներուն մէջ» վերնագրուած գեղարուեստական յատկանիշներով հարուստ յուշագրութեան մէջ ան կը նկարագրէ Ատանայէն արեւելք գտնուող Չորք-Մարզպան աւանի մէջ հանդիպած իգական սեռին պատկանող կենդանի վկաներ, որոնք իրենց մէջ պահած էին մեր ցեղին իւրայատուկ մարտնչող ոգին ու վճռակամութիւնը։
Զապէլ Եսայեանի սոյն գիրքը ներշնչման աղբիւր դարձաւ պոլսահայ մտաւորականութեան եւ յատկապէս հայ յառաջադէմ կանանց համար, որոնք իրենց ուշադրութիւնը սեւեռեցին Կիլիկիոյ այս գեղատեսիլ ափերուն եւ լեռնալանջերուն վրայ ապրող հայութեան վրայ։
Բնաւորութեամբ ու խառնուածքով հաւասարակշռուած ըմբոստ մըն էր Զապէլ Եսայեան, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերէր ճշմարիտ արժէքներու պահպանման ու արմատաւորման, կեղծիքը եւ աւելորդապաշտութիւնը չէին հանդուրժուեր իր կողմէ, որովհետեւ անոնք կը խոչընդոտէին հասարակութեան առողջ երթը։
Այր-կին, հարուստ-աղքատ, հարուստ փեսացու-հարսնցու թեմաներուն կը հանդիպինք նաեւ իր այլ գործերուն մէջ, ինչպէս՝ «Սկիւտարի վերջալոյսներ», «Շնորհքով մարդիկ», «Սիլիհտարի պարտէզները» եւ այլն։
Բ.- Քաղաքականութիւն եւ հասարակական գործունէութիւն
Վերոյիշեալ ասպարէզները կարելի է նկատել Զապէլ Եսայեանի մղած ռազմաճակատի յաջորդ դաշտերը։
Նախ պէտք է միանգամընդմիշտ արձանագրել, որ Զ. Եսայեան լուսաւորեալ մարդասէր մըն էր (humanist)։ Ան հեռու էր ազգային մեծամտութենէ եւ գերակայութեան զգացումէ։ Մարդը մարդ էր իրեն համար։ Որպէս հասարակական գործիչ ան իր կարելին ըրաւ օգնութեան ձեռք մեկնելու աննեցուկին ու իր տունէն տեղէն բռնի կերպով տեղահանուածին եւ պատերազմի պատճառով փախստական դարձածներուն՝ առանց հաշուի առնելու տուժուածներուն ազգային կամ կրօնական պատկանելիութիւնը։
Պատմութիւնը արձանագրած է կարեւոր փաստեր այս առնչութեամբ։ Այսպէս, Պալքանեան պատերազմի տարիներուն (1912-1913) հազարաւոր թուրքեր կամ թրքացուածներ եւ մահմետականներ մազապուրծ ազատուելով կռիւներու արհաւիրքներէն, եկան եւ լեցուեցան Պոլիս։ Զապէլ Եսայեան եղաւ այն ազնիւ կինը, որ ոգի ի բռին իր հայրենակիցներուն կոչ ըրաւ խղճալ ու նեցուկ կենալ ինկածներուն ու սոված ծարաւ Պոլսոյ ափերը հասած մարդոց։ Միայն ազնուագոյն հոգի մը կրնար այսպէս վարուիլ փոխանակ ներքուստ հրճուելու։ Ի՜նչ հեգնանք սակայն, որ Զապէլ Եսայեան միակ կինն էր, որուն անունը կը գտնուէր Օսմանեան Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատրաստուած հայ մտաւորականներու ցանկին մէջ, որուն անդամները պիտի աքսորուէին եւ ի վերջոյ ոչնչացուէին։
Օսմանեան կայսրութեան իգական սեռին շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ ան իր հրապարակագրական գրութիւններով եւ գործունէութեամբ կը պայքարէր կանանց բարոյական եւ մտաւորական վիճակը բարեփոխելու» համար։ Հայ կինը պէտք է իր բոլոր ունակութիւնները ի սպաս դնէր հասարակութեան բարելաւման ու առողջացման, չտարուէր արտաքին շպարով եւ մարդը չչափէր իր հագուստէն, տան կահ կարասիներէն ու գործածած գոհարեղէններէն։ Չէ՞ք կարծեր, որ այսօր ալ տակաւին կան բազմահազար կիներ, որոնք իրենց շրջապատի կիները կը գնահատեն կամ կ՚արժեւորեն իրենց բարձրորակ ու սուղնոց զգեստներով, պայուսակներով եւ կօշիկներով…
Զապէլ Եսայեանը գործօն առաքելութեան մէջ կը տեսնենք նաեւ Պօղոս Նուպար փաշայի ծրագիրներուն մէջ։ Վերջինիս խնդրանքով ան կը շրջի Միջին Արեւելքի աքսորավայրերը, ապաստարանները, հիւղաւաններն ու որբանոցները՝ նպատակ ունենալով յստակ ու ճշգրիտ պատկերը ներկայացնելու աշխարհի այս տարածաշրջանին մէջ իր գոյութիւնը քաշքշող արեւմտահայ գաղթականներուն եւ մնացորդացին, որպէսզի ի վերջոյ Պօղոս Նուպար կարենար թիւերու լեզուով խօսիլ Ազգերու լիկայի եւ մօտալուտ եւրոպական համաժողովներուն մասնակից պետութիւններու ղեկավարներուն հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք (28 Մայիս 1918-ին) Զապէլ Եսայեանը կը տեսնենք Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորած Ազգային պատուիրակութեան մէջ՝ որպէս խորհրդական եւ բարձրորակ թարգմանիչ։
1927-ը բեկումնային տարի մը կ՚ըլլայ Զապէլ Եսայեանի կեանքին մէջ։ Ինք անկուսակցական մըն էր եւ զինք կը մտահոգէր հայութեան ապագան։ Հետեւաբար, անսալով նորաստեղծ Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան, ի մասնաւորի Ալեքսանդր Միասնիկեանի կոչին, ան կ՚այցելէ Հայաստան։ Այստեղ ան իր աչքերով կը տեսնէ տոտիկ-տոտիկ ոտքի կանգնող եւ իր վէրքերը բուժող հայրենի ժոովուրդին ջանքերը։ Ան որոշումը կը կայացնէ վերջնականապէս Հայաստան հաստատուելու ուղղութեամբ։ Կը վերադառնայ Փարիզ եւ կը գրէ իր «Պրոմէթէոս ազատագրուած» հատորը։
Պրոմէթէոսը նորաստեղծ Հայաստանն էր, որ քանդած էր վեց հարիւր տարիներու ստրկութեան շղթաները եւ բռնած էր գիտութեան ու զարգացման ուղին։
Դրական պատասխան տալով Հայաստանի ղեկավարութեան հրաւէրին, ան 1935 թուականին իր զաւակները առնելով վերջնականապէս կը հաստատուի Երեւան։ Շուտով Զապէլ Եսայեանը կը տեսնենք գրական աշխոյժ գործունէութեան մէջ՝ միաժամանակ որպէս դասախօս արեւմտեան գրականութեան եւ պատմութեան Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս։
Ցաւօք սրտի այս մեծագոյն կնոջ ներդրումը հայ իրականութենէն ներս շատ շուտով կասեցուեցաւ՝ անհատի պաշտամունքի տխմարագոյն տարիներուն։ Հազիւ երկու տարի անցած ան մեղադրուեցաւ որպէս… ֆրանսական կայսերապաշտութեան գործակալ եւ նետուեցաւ «չեկայի» բանտախուցը։ Ան դատապարտուեցաւ մահուան, բայց շնորհիւ կարգ մը ազդեցիկ հայ քաղաքական գործիչներու խորհուրդին ան անընդհատ նամակներով դիմեց «ազգերու եւ ժողովուրդներու հայր» յորջորջուած Ստալինին եւ իր մահապատիժը փոխարինուեցաւ տասը տարի սիպիրեան աքսորի։ Վերջին լուրերը իրմէ կը հասնին 1943-ին՝ Սիպերիոյ աքսորավայրէն…
***
Իսկական արժէքները յաւիտեանս անտես չեն մնար եւ օրին մէկը կը յայտնաբերուին անպայման։ Այդպէս ալ պատահեցաւ։ Տասնամեակներ ետք, 8 Մարտ 2018-ին, Կանանց միջազգային տօնին օրը ի ներկայութեան քաղաքապետին եւ հայ ու ֆրանսացի մտաւորականներու, հանդիսաւոր արարողութեամբ մը Փարիզի փողոցներէն մէկը անուանուեցաւ Rue Zabel Yesayan՝ «լոյսի քաղաքի» 11-րդ թաղամասին մէջ՝ ոչ շատ հեռու Փեր լա Շէզ նշանաւոր գերեզմանոցէն, ուր յաւիտենապէս կը հանգչին Մոլիէրն ու Էտիթ Փիաֆը, Օսքար Ուայլտը, Մարսէլ Փրուստ եւ ուրիշներ։
Լաւատեսօրէն սպասենք որ յառաջիկայ տարիներուն Երեւանը եւ հայրենի պետութիւնը տէր կենայ իր ապաբախտ դուստրին եւ պատշաճ արարողութիւններով դրուի իր բարձրութեան վրայ։
(Յապաւումներով)