ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. – Առաջին ձեռքսեղմում, առաջին հայեացք, առաջին խօսք… առաջին երկխօսութիւն եւ արդէն հարիւր տարուան մտերմութիւն, ջերմութիւն, անմիջականութիւն, անկեղծութիւն։
Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ հիւպատոս Տիար Արմէն Բայբուրդեան մարդկային ազնուագոյն յատկանիշներով օժտուած հայն է, որուն համար Հայաստան հայրենիքը ամէն բանէ վեր է։
Անցեալ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 11-ին հրաւիրուած հանդիպումը (տեսնել առանձին հաղորդագրութիւն, էջ 5) առիթ էր, որպէսզի լոսանճելըսահայ ԶԼՄ-ները՝ թերթեր եւ հեռատեսիլի ալիքներ, լսէին Գլխաւոր հիւպատոսին մտածումները եւ կիսէին նաեւ իրենց կարծիքները։ Ջերմ ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ հիւպատոսութեան հանրային կապերու պատասխանատու Լիլիթ Սեդրակեանը։
Բայբուրդեան արհեստավարժ դիւանագէտ է, անոր փորձառութիւնը կը ձգուի Լոս Անճելըսէն մինչեւ Հնդկաստան եւ ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակ, ներկայիս նաեւ դիւանագիտութեան դասախօս է։
Պետական պաշտօնեան պէտք է ծառայէ եւ ան պատրաստ է աշխատելու, միշտ յառաջ նայելու, կամուրջներ հաստատելու Հայաստանի հետ, որովհետեւ «հիմքը, կորիզը Հայաստանն է»։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցելու լոսանճելըսահայութեան միասնականութեան եւ գործակցութեան մասին, դուռը բաց պահելով բոլորին դիմաց։ Քննարկելու, զրուցելու շատ բան կար, եւ վստահ ենք, որ զրոյցը միայն սկիզբն էր սերտաճող գործակցութեան։ Լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներս, բոլորս համակարծիք էինք, որպէսզի նման հանդիպումներ ըլլան շարունակական։
Թաւշեայ յեղափոխութիւնն ու Հայաստանի քաղաքական նոր իրավիճակը բնականաբար իրենց մնայուն տեղը ունեցան այդ օր։ Լոս Անճելըսի համայնքային, ընկերային ու կազմակերպչական մեր խնդիրները նոյնպէս արծարծուած հարցերէն էին։
Եւ այս բոլորին մէջ, Բայբուրդեան դիւանագէտն ու հայրենասէրը, նոր Հայաստանի ներկայացուցիչը հարազատօրէն կը խօսէր. քաղաքական անոր հայեացքները համահունչ են իւրաքանչիւր սրտցաւ հայու, ուր պետութիւնն է վեհագոյնը, պետականութեան անսասանութիւնն է գերագոյնը։
Բարի երթ կը մաղթենք յարգելի Գլխաւոր հիւպատոսին եւ ծո՜վ համբերութիւն, լոսանճելըսահայ բազմաշերտ եւ բազմաճիւղ հայ համայնքը Հիւպատոսութեան միջոցով կապելու մեր հայրենիքին, փոխադարձաբար հասնելով մէկը միւսին կարիքներուն։
Բարի վերադա՛րձ Լոս Անճելըս, յարգարժա՛ն Բայբուրդեան։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ