ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Քինախնդրութեամբ եւ մասամբ նորին…
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. – Ամերիկայի մէջ, եւ հաւանաբար ալ այլուր, սովորութիւն դարձած է որ երկրորդական վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն՝ հրաժեշտի ուղերձը կարդայ դասարանի առաջնութիւնը շահող աշակերտը, որ կը կոչուի Valedictorian։
Այս տարի, Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգի East Wake երկրորդական վարժարանը, որ կը գտնուի Ռէլի քաղաքին մօտերը, որոշած է առաջնութիւնը շահող աշակերտին Valedictorian կոչումը շնորհելու փոխարէն՝ յիշատակել առաջնահերթ աշակերտները։ Վարժարանը, հետեւելով Լատինական պատուոյ յիշատակութեան, պիտի շնորհէ summa cum laude եւ magna cum laude կոչումները։
Բայց առաջնութիւնը շահող աշակերտին հայրը շատ յուսախաբ եղած է վերոյիշեալ կոչումներու փոփոխութենէն եւ կարծես վրէժը լուծելու համար, որմազդ մը վարձած է մի քանի շաբթուան համար (տեսնել նկարը) որ հետեւեալը կ՚ըսէ։ «Ճաշ Ալմըն, դուն միշտ պիտի ըլլաս մեր Valedictorian-ը՝ 2018-ի շրջանաւարտներուն մէջ»։
Այդ որմազդը (4×14 մեթր) զետեղուած է վարժարանին մօտակայ ազատուղիին վրայ, որուն համար Ճաշի հայրը վճարած է 1,800 տոլար… Հոս պէտք է աւելցնենք, որ Ճաշ իսկապէս առաջնութիւնը շահած է վարժարանի 270 աշակերտներուն մէջէն, իր հաւաքած 5.31 grade point average նիշով։ Առաւել, ան կարդացած է իր ուղերձը, շրջանաւարտից հանդէսին։
Հիմա ոմանք պիտի ըսեն թէ ի՞նչ է տարբերութիւնը «կոչում»-ին անուան, անգլերէն եղեր է թէ լատիներէն։ Կարեւորը առաջնութիւն շահիլն է եւ առ այդ՝ ուղերձը կարդալը, չէ՞։ Սակայն երբ տարիներէ ի վեր կը սպասես այդ կոչումին եւ յանկարծ վարժարանը կը զլանայ զայն, կրնաս յուսախաբ ըլլալ եւ տարօրինակ միջոցներու դիմել, առ ի վրէժխնդրութիւն։
Միացեալ Նահանգներու նորագոյն դրոշմաթուղթը
Երկրի մը դրոշմաթուղթին վրայ սովորական է տեսնել բնութիւնը ներկայացնող տեսարաններ, արուեստագէտներ, գիտնականներ, ինչպէս նաեւ երկրին թռչնազգիները եւ այլն։
Օրինակ մը տալու համար բաւ է յիշել այս տարուան դրոշմաթուղթերէն Սէլի Ռայտի դրոշմաթուղթը։ Իսկ ո՞վ է Սէլի Ռայտը։ Ան գիտնական մըն է, որ 1983 թուականին դարձաւ առաջին կին աստղանաւորդը եւ շրջեցաւ անհուն անջրպետը։ Այս գիտնականը արժանի է որ դրոշմաթուղթով մը յաւերժացուի. չէ՞ք խորհիր։
Ուրիշ ազդու օրինակ մը տալու համար կարելի է յիշել անցեալ տարուան դրոշմաթուղթերէն՝ նախագահ Ճան Քենետիի դրոշմաթուղթը։ Վստահ եմ չէք մոռցած որ ան 1963-ի Նոյեմբեր ամսուն նահատակուեցաւ Թեքսասի Տալըս քաղաքին մէջ, զոհ երթալով ոճրագործի մը գնդակին…
Հիմա եկէք ասոնց կողքին քննարկենք թէ ո՞րն է Միացեալ Նահանգներու նորագոյն դրոշմաթուղթը, որ հրապարակ իջաւ այս տարուան Յունիսին։ Շատ վստահ եմ, որ պիտի զարմանաք երբ բացայայտեմ այդ դրոշմաթուղթին ինքնութիւնը։
Արդարեւ, հրապարակ իջած այս նոր դրոշմաթուղթը կը կրէ ցպիկով պաղպաղակներու (popsicle) շարք մը (տեսնել նկարը), որոնք համեմուած են՝ ամառնային եղանակը յատկանշող պտուղներով։ Նկարին մէջ երեւցող առաջին պաղպաղակը՝ վստահ եմ կռահեցիք, կը ներկայացնէ ձմերուկը։
Աւելին, վերոյիշեալ դրոշմաթուղթերու շարքը հնարող եւ հրապարակ իջեցնող պատասխանատուները յոխորտանքով կ՚արտայայտուին թէ, եթէ դրոշմաթուղթի վրայի պտուղը թեթեւ մը քերթես եւ հոտոտաս, այդ պտուղին բուրմունքը պիտի վայելես։
Ապացուցելու համար վերոյիշեալ յայտարարութիւնը՝ գնեցի այդ դրոշմաթուղթերէն մի քանին, քերթեցի վրայի պտուղը եւ հոտոտացի։ Հիմա պիտի զարմանաք, երբ ըսեմ որ իսկապէս այդ պտուղին բոյրն էր որ պարուրեց քիթիս ռունգերը։ Զարմանալի, բայց իրաւ։ Տարօրինակ, բայց ճիշդ։