«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախքան օրակարգային հարցերու քննակումը վարչապետի պաշտօնակատարը նշած է. «Գիտէք, որ մենք նախապատրաստուում ենք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնների, եւ քաղաքական իրավիճակը հասկանալիօրէն աշխատանքի եւ տրամադրութիւնների վրայ որոշակի ազդեցութիւն է ունենում: Ուզում եմ յուսալ, որ այս ընթացքում կառավարութիւնն իր աշխատանքի տրամաբանութիւնը չի փոխի, հակառակը, մեր աշխատանքներն աւելի ինտենսիւ եւ արդիւնաւէտ պէտք է դառնան, որովհետեւ նախընտրական փուլ ենք թեւակոխելու: Բայց, միւս կողմից, այս ժամանակը պէտք է արդիւնաւէտ օգտագործել նաեւ հետագայ աշխատանքների կազմակերպման, առաւել արդիւնաւէտ մակարդակի հասնելու համար: Նաեւ օգտուելով այն առիթից, որ պետական կառավարման համակարգը որեւէ կերպ չպէտք է ներգրաւուած լինի նախընտրական գործընթացներում, սա շատ լաւ ժամանակաշրջան է յատկապէս առաւել հանգիստ պայմաններում աշխատելու համար: Յոյս ունեմ, որ մեր կառավարութեան եւ պետական կառավարման համակարգի յատկապէս այն հատուածը, որը քաղաքականացուած չէ եւ չպէտք է լինի քաղաքականացուած՝ այս ժամանակը կ’օգտագործի այդպիսի կառուցողական նպատակներով»:






