Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Հայաստանն ու Ճափոնը Կ’երթան Ներդրումներու Ազատականացման Ճամբով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանը եւ Ճափոնը կ’երթան ներդրումներու ազատականացման եւ խրախուսման ճամբով: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ կառավարութիւնը Հոկտեմբեր 18ի նիստին կը քննարկէ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ճափոնի միջեւ ներդրումներու ազատականացման, խրախուսման եւ պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծի մասին հարցը:

Ըստ հիմնաւորումին՝ վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ Ճափոնի փոխյարաբերութիւններուն մէջ գրանցուած է շարունակական յառաջընթաց եւ զարգացում: 2017ին լրացած է Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակը: 2010ին Թոքիոյի մէջ Հայաստանի, իսկ 2015ին Երեւանի մէջ Ճափոնի դեսպանութիւններու բացումը նպաստած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու աւելի աշխոյժ զարգացումին: «Յաճախակի դարձած են տարբեր մակարդակներով փոխայցելութիւնները: Երկու երկիրներու արտաքին գործոց գերատեսչութիւններուն միջեւ տեղի կ’ունենան պարբերական խորհրդակցութիւններ: Բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին միջխորհրդարանական կապերը: Առկայ է արդիւնաւէտ համագործակցութիւն նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ: Համագործակցութեան կարեւոր ոլորտներէն կը հանդիսանայ Ճափոնի կառավարութեան կողմէ Հայաստանին տրամադրուող Զարգացման պաշտօնական օգնութիւնը, որ հիմնականօրէն կ’իրականացուի Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան (Japan International Cooperation Agency – JICA) միջոցով:

«ՀՀ եւ Ճափոնի միջեւ ներդրումներու ազատականացման, խրախուսման եւ փոխադարձ պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրի վաւերացումը մեծ խթան կը հանդիսանայ երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար՝ զանոնք բարձրացնելով որակապէս նոր մակարդակի: Համապատասխան իրաւապայմանագրային դաշտի առկայութիւնը կը նպաստէ ՀՀ տնտեսութեան նկատմամբ հետաքրքրուածութեան յաւելման ու ներդրումներու հոսքին»,- ըսուած է հիմնաւորման մէջ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին