Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2018ին տեղի ունեցաւ Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի անձնակազմին առաջին ընդհանուր ժողովը: Օրը սկիզբ առաւ սուրբ եւ անմահ պատարագով, զոր Սրբուհի Ռիթայի ուխտավայրին մէջ մատուցեց Գեր. հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեան:
Խմբային լուսանկարէն ետք, ժողովը շարունակուեցաւ դպրոցին սրահը, ուր սկիզբը խօսք առաւ գերյարգելի Սիւլահեանը եւ խրախուսեց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ անձնակազմի իւրաքանչիւր անհատի նուիրումով եւ համագործակցական աշխատանքով Մխիթարեան վարժարանը պիտի դառնայ լիբանանահայ լաւագոյն վարժարաններէն մին: Ապա խօսք առաւ նաեւ տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան, որ դրուատեց անձնակազմին աշխատանքը համերաշխութեան, սիրոյ եւ գործակցութեան մթնոլորտի մէջ: Ան գնահատեց աշխատանքի ընթացքին անոնց ցուցաբերած բարձր տրամադրութիւնը եւ քաջալերեց անոնց մնալ միշտ այս ոգիով՝ հաւատալով, որ բոլորս ձեռք-ձեռքի տուած պիտի անպայման հասնինք լաւագոյնին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը «eSchool» ծրագրի ներկայացուցիչին հետ, որ անձնակազմին փոխանցեց ծրագիրը հեզասահօրէն կիրառելու հարկ եղած միջոցները: Ճաշի դադարէն ետք Տիկ. Մէյրի Կիւրիւնլեան կատարեց «21st century learner» թեմայով ներկայացում մը, ուր բացատրուեցան ուսումնական մեթոտներ եւ կրթական աշխատանքային ձեւեր:
ԼՐԱՏՈՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ