1848 Պոլիս – 1921 Մարսէյլ
ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Հայրենիքը այնպիսի բան չէ, որ մարդ իր կօշիկի տակ կապելով
իրեն հետ տանի ուր որ ինք երթայ։
Մ. Փորթուգալեան
Պոլսոյ յայտնի սեղանաւոր Ռափայէլի յարկին տակ, Գում-Գափուի շրջանը 1848 Հոկտեմբեր 21-ին ծնած է Մկրտիչ Փորթուգալեան։
Պոլսոյ ատենոյ լաւագոյն ուսումնարաններէն կը նկատուէր Գում-Գափուի Պեզճեան մայր վարժարանը, ուր պիտի յաճախէր Մկրտիչ իր նախակրթական ուսումը ստանալու։
Հայրը՝ Ռափայէլ, յատուկ հոգածութիւն ունէր հայ գիրի ու գրականութեան նկատմամբ, եւ տան մէջ կը պահէր կոկիկ գրադարան մը։ Այդ գրադարանն էր, որ պատանի Փորթուգալեանի ազգային-գաղափարական կազմաւորման մէջ վճռորոշ դեր պիտի ունենար։
Փորթուգալեան տակաւին աշակերտ, 1859-ին կը կորսնցնէ իր հայրը, ու առաւելաբար կ՚ապաւինի իր երէց եղբօր՝ Պետրոսի եւ մօր խնամքին։ Այդ տարիքին արդէն հետաքրքրութիւն ունէր Պոլսոյ մէջ զարգացող ազգային իրադարձութիւններու նկատմամբ։ 1789-ի ֆրանսական յեղափոխութեան ռամկավարական սկզբունքները խումբ մը հայ երիտասարդներու միջոցաւ մուտք կը գործէին Պոլիս ու ծնունդ կու տային 1860-ի Ազգային Սահմանադրութեան։ Բայց հայ խաւարամիտ ու յետադէմ Պոլսոյ «մեծամեծները» զգալով ժողովուրդին տգիտութեան վրայ հիմնուած իրենց դղեակներուն սասանումը, ամէն ջանք կը գործադրեն ձախողութեան մատնելու այդ սահմանադրութեան իրականացումը, որ ծրագրուած էր դառնալ մեր ժողովուրդին ու ազգային կեանքին վերածնունդը։ Պոլսոյ մէջ 1861-ին կը սաստկանայ պայքարը «հին» ու «նոր» մտածողութեան միջեւ։
Ազգային սահմանադրական մարմնի հանդիպումները կը կայանային մայր վարժարանի կից Սրբ. Խաչ եկեղեցւոյ սրահէն ներս, ուր 13 տարեկան պատանի Մկրտիչը կրցած էր գաղտագողի հետեւիլ «խաւարեալներու» եւ «լուսաւորեալներու» ընդհարումներուն։ Նոյն տարին Երուսաղէմի Պատրիարքարանէն ներս տեղի ունեցած տարակարծութիւններուն պատճառաւ մայր վարժարանն ու Սրբ. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը կ՚անցնին խաւարեալներու, այսինքն՝ հակասահմանադրական ամիրայական շրջանակին ձեռքը։
Փորթուգալեան, որ արդէն փոքր տարիքէն կազմած էր իր գաղափարը ազգային հարցերու նկատմամբ, կ՚որոշէ լքել վարժարանը ու յաճախել Սամաթիոյ Սահակեան վարժարանը (1862), որ կը կարծուէր ըլլալ սահմանադրականներու ազդեցութեան տակ։
Սահակեան վարժարանէն ներս ան կ՚աշակերտէ հայասէր ուսուցիչ Փիէր Թրուայի ու տարի մը ետք միջնակարգ ուսումը կ՚աւարտէ, նոյն տարին, երբ բարձրագոյն դրան կողմէ կը վաւերացուէր ազգային սահմանադրութիւնը (1863)։
15 տարեկանին իբր պաշտօնեայ կը մտնէ իր ուսուցչին Թրուայի մօտ, որ գրավաճառ-թղթավաճառ մըն էր, որուն գործակիցն էր Մկրտիչի եղբայրը Պետրոսը։ 1864-ին Փիէր Թրուա կը հրատարակէ «Հայկական հարցը» երկլեզու պրակը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ 16-ամեայ Փորթուգալեանը, իր կուտակած ինքնազարգացումը ի սպաս դնելով։ Պէտք է ըսել, որ այս պրակի յեղափոխական գաղափարներով կ՚առաջնորդուէին Պոլսոյ ժամանակակից հայ գործիչները, լրագրողները, հրապարակախօսները եւ ուսուցիչները։ 1866-ին Փորթուգալեան կը բանայ իր սեփական գրախանութը, կորսնցնելէ ետք իր մայրն ալ 1865-ին։
Գրախանութի պիտոյքները ան բերել կու տար Փարիզէն, ու ինք կը մատակարարէր Պոլսոյ հայկական վարժարաններու անհրաժեշտ գրենական պիտոյքները, նոյն ժամանակ զբաղելով ուսուցչութեամբ՝ պոլսահայ հարուստներու բնակարաններէն ներս մասնաւոր դասաւանդութիւն կատարելով։ 1868-ին կը ստիպուի ընտանեկան դատավարութեան պատճառաւ փակել իր գրախանութը։ Այս շրջանին Փորթուգալեան մասնակցութիւն կը բերէ վարդապետ Չիլինկիրեանի նախաձեռնութեամբ կազմուած «Լուսաւորչական ընկերութեան», ազգային ու հասարակական գործունէութեան գծով, ան սերտ յարաբերութիւն կը մշակէ՝ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի, Գրիգոր Օտեանի եւ Ներսէս Վարժապետեանի հետ, որոնց հետ յետագային պիտի ձեռնարկէր ազգային քաղաքական զարթօնքին։
1869 թուականը Մկրտիչ Փորթուգալեանի համար եղաւ անկիւնադարձային, երբ Եւդոկիացի երկու հայեր՝ Սուքիասեան եւ Սեֆերեան, կ՚որոշեն Եւթոկիոյ «Ոսկեան Ճեմարանը» իրենց ծախսերով ուղարկել ուսուցիչ մը, որ կարենայ տիրացուական այս վարժարանը բարեփոխութեանց ու արդիականացման ենթարկել։ Որպէս ազգային այս կարեւոր վարժարանը փրկելու յետադէմ Եւթոկիոյ ջոջերէն, Փորթուգալեանը կը նշանակուի ուսուցիչ՝ դառնալով կրտսերագոյնը այդ պաշտօնին համար։
1969 Յուլիսին կը մեկնի Արեւմտահայաստանի Եւդոկիա քաղաքը, ուր վարժարանէն ներս իրեն կը յատկացուի սենեակ մը բնակութեան համար։ Փորթուգալեան իր կեցութեան ընթացքին կը նկատէ որ Եւթոկիոյ հայութիւնը ուղղակի աղայական մտայնութեան բոյն դարձած էր։ Ան կը ձեռնարկէ վարժարանի բարեկարգման ու հասարակութեան զարգացման, գնահատելով երիտասարդ սերունդին կարողութիւնները, զանոնք կը հրաւիրէ Կիրակի օրերը հաւաքուելու եկեղեցական պաշտամունքէն ետք, իր կազմակերպած հաւաքներուն։
Պոլսոյ մէջ 1860-ին կազմուած էր «Անձնուէր» ընկերութիւնը, առաւելաբար ազգային սահմանադրութեան լոյսին տակ, որուն նպատակը զարգացնել էր հայ գաւառացին, բանալով կիրակնօրեայ դպրոցներ։ Փորթուգալեան Եւթոկիոյ մէջ կը հիմնէ «Անձնուէր» ընկերութեան մասնաճիւղ մը, հետեւելով Սեբաստիոյ մէջ ընկերութեան մասնաճիւղի գործունէութեան, որ դարձած էր Փոքր Հայքի կեդրոնավայրը։ Այս քայլով ան կը շահի տեղւոյն երիտասարդ տարրին վստահութիւնը ու կը ձեռնարկէ հասարակութեան զարգացման։
1871-ին կեանքի ընկեր կ՚ընտրէ Եւդոկիացի ընտանիքի մը դուստրը, իսկ յաջորդ տարին Եւթոկիոյ մէջ կը հաստատէ «Վարդանեան» աղջկանց յատուկ դպրոցը, որ կարճ ժամանակի մէջ կ՚ունենայ 40 աշակերտուհի։ Շուտով Եւթոկիոյ մէջ մտաւորական զարթնում կը սկսի, ինչ որ գործին չի գար տեղւոյն աղայական մտայնութեան տէր յետադիմականներուն, ու Մկրտիչ Փորթուգալեանի նման լուսամիտ ուսուցիչ մը շատ շուտով բախումի մէջ կը մտնէ «ազգային ջոջերուն» հետ… որովհետեւ Փորթուգալեան կրցած էր կատարել բարեկարգումներ իր ուսուցչական ասպարէզին ճամբով տեղւոյն ազգային կեանքէն ներս։
Զինք հովանաւորող նոյն Սուքիասեան Յովնանը քանի մը աղաներու հետ զինք կը մատնեն Օսմանեան կառավարութեան որպէս յեղափոխական, ու Փորթուգալեան քանի մը համախոհներով կը բանտարկուի, շուտով ազատ արձակուելու համար։ Թէեւ այդ օրերուն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք ընտրուած Խրիմեան Հայրիկը ուղղակի իր հովանաւորութեան տակ կ՚առնէ անձնուէր ուսուցիչը, բայց խաւարամիտ աղաներուն ճնշումը շատ ուժեղ էր ու 1873-ին Փորթուգալեան կը կանչուի Պոլիս, ուր արդէն մահացած էր երէց եղբայրը։ Տարին չամբողջացած ազդեցիկ մարդու միջոցաւ կ՚անցնի Եւդոկիա իր քարոզչութիւնը շարունակելու, աւելի բուռն պայքար մը մղելու աղաներուն դէմ, որուն արդիւնքը կ՚ըլլայ իր երկրորդ եւ աղմկալից բանտարկութիւնը, ու այս անգամ իր կուսակիցները կը կատարեն ցոյցեր ու բազմաթիւ դիմումներ, բայց ապարդիւն։ Եւթոկիոյ դռները փակուած էին այլեւս Փորթուգալեանի համար ու միայն Սեբաստիոյ կուսակալին կարգադրութեամբ ազատ կ՚արձակուի, վերադառնալու դարձեալ Պոլիս 1874-ին՝ իր կողակցին հետ։
Նոյն տարին արդէն Մկրտիչ Խրիմեան հրաժարած էր պատրիարքական պաշտօնէն եւ Ներսէս Վարժապետեան յաջորդած էր անոր։ Վարժապետեան Պատրիարք եւս դրական կարծիք ունէր երիտասարդ Փորթուգալեանի մասին, որ այդ օրերուն ստանձնեց «Ասիա» թերթին խմբագրութիւնը եւ սկսաւ բուռն պայքար մղել հայ պահպանողականներուն դէմ։ Դարձեալ ինկաւ հակահարուածի տակ ու այն աստիճան, որ Ներսէս Վարժապետեան իր մօտ կանչեց խորհուրդ տալով որ աւելի զուսպ ըլլայ։ Բայց Փորթուգալեան գտած էր իր ուղին եւ անդրդուելի մնաց։ Պահպանողականներու պահանջին անսալով կառավարութիւնը փակեց Փորթուգալեանի «Ասիա»ն եւ Յակոբ Պարոնեանի «Թատրոն»ը, որ համարձակած էր հետեւիլ Փորթուգալեանի օրինակին՝ 1875-ին։
Նոյն տարուայ Օգոստոսին Վարազդատ Փթթեան Փորթուգալեանի խորհուրդով Ղալաթիոյ «Կոմիսիոն» խանին մէջ կը հաստատէ կիրակնօրեայ դասընթացք եւ որպէսզի հաստատուն հիմերու վրայ դրուի ծրագիրը, երկուքը միասին կը հիմնեն «Վարազդատեան ընկերութիւնը», որուն պիտի ատենապետէր Փորթուգալեան։ Ընկերութիւնը երկու նպատակ ունէր՝ կիրակնօրեայ ձրի դասախօսութիւններ եւ ազգային յառաջդիմութեան վերաբերեալ նիւթերու վրայ ատենախօսութիւններ ընել։ Եթէ Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներէն դասատուներ ուզուին, ընկերութիւնը պիտի ղրկէր Պոլիսէն, հիմնելու ընկերութեան մասնաճիւղեր։ Կարճ ժամանակի մէջ «Վարազդատեան ընկերութիւն» գաւառներու մէջ մասնաճիւղեր ունեցաւ։ Այս ժամանակաշրջանին Խրիմեան Հայրիկի թելադրութեամբ մասնակի դասաւանդութեան պաշտօն կը ստանձնէ Ազգային եւ Փանոսեան վարժարաններէն ներս։ Իր յօդուածներով ան նաեւ կ՚աշխատակցի «Մանզումէի» Նորայր ծածկանունով ու ապա իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Շար Կարծեաց» շաբաթաթերթին։ Իսկ Կովկաս հրատարակուող «Մեղուի»ն կը թղթակցի Հրահեր ծածկանունով։
1876 Ապրիլին Օրթագիւղի մէջ Փորթուգալեան գործակցութեամբ Արփիար Արփիարեանի եւ Զաւէն Շիշմանեանի, հիմը կը դնէ «Արարատեան Ընկերակցութիւն Հայոց» կազմակերպութեան՝ ստանձնելով անոր ատենապետութիւնը։ Այս ընկերակցութեան գլխաւոր նպատակն էր լուսաւորութիւն տարածել, կրթել ազգը՝ դաստիարակելով հայրենասիրութեան, սեփական իրաւունքներուն գիտակցելու ոգիով։ Փորթուգալեան նաեւ ջանք կը թափէ գաւառի թրքախօս հայութեան հայերէն լեզու սորվեցնել ընկերակցութեան ծրագրումով։
Նոյն տարուայ Յունիսին կ՚անցնի Կովկաս, Թիֆլիսի մէջ յատուկ հանդիպում կ՚ունենայ «Մշակ»ի խմբագիր Գրիգոր Արծրունիին հետ, որուն կը ներկայացնէ «Արարատեան Ընկերակցութեան» ծրագիրը։ Արծրունի կը խոստանայ արեւելահայութեան աջակցութիւնը «Մշակ»ի միջոցաւ, պայմանաւ որ ընկերակցութիւնը որպէս գործունէութեան դաշտ ամբողջական Հայաստանը ընդգրկէ։ Այսպիսով կամուրջ մը պիտի ստեղծուէր արեւմտահայոց եւ արեւելահայոց միջեւ, որ առաջին լուրջ քայլը պիտի ըլլար հայ ժողովուրդի միասնականութեան շուրջ տարուած աշխատանքներուն։ Փորթուգալեան նաեւ կը հանդիպի Կովկասի փոխարքային հետ, ու կը վերադառնայ Պոլիս։ Ան այս ծրագիրը կը ներկայացնէ «Արարատեան Ընկերակցութեան» ընդհանուր ժողովին, ուր անմիջապէս ծրագիրը կ՚ընդգրկուի ընկերակցութեան կողմէ, եւ Վանը կը նշանակուի գործունէութեան կեդրոն։ Դարձեալ Փորթուգալեան պիտի ստանձնէր պաշտօն մեկնելու Վան՝ 1876 Օգոստոսին։ Ընկերակցութեան ատենապետի պաշտօնը կը ստանձնէ Մինաս Չերազ, որ 1878-ին Խրիմեան Հայրիկի հետ պիտի մեկնէր Պերլին, ուր դաշնագրի 16-րդ յօդուածը փոխարինուելով պիտի դառնար 61-րդ յօդուած։
Մկրտիչ Փորթուգալեան Վան ժամանելէ առաջ կ՚այցելէ Սամսոն, Ամասիա, Եւդոկիա, Սեբաստիա, Խարբերդ եւ Տիգրանակերտ, ուր որոշ պատմական աղբիւրներու համաձայն գոյութիւն ունէին «Անձնուէր» եւ «Վարազդատեան» ընկերութիւններու մասնաճիւղեր։ Վանը կ՚ապրէր խռովայոյզ շրջան մը։ Առաջին հերթին Փորթուգալեան կը պատրաստէ տեղեկագիր մը, որ պիտի ուղարկէր Պոլիս, ներկայացուելու ընկերակցութեան կեդրոնին, որ յարմար կը գտնէ Վասպուրականի Ալիւր գիւղին մէջ բանալ նոր դպրոց մը 1876 Նոյեմբերին Փորթուգալեանի տնօրէնութեամբ։ Իսկ ամէն Կիրակի ան նաեւ կը բանախօսէր Վանի Հայկազեան վարժարանէն ներս։ Թուրք կառավարութիւնը հաշտ աչքով չէր դիտեր Վանի մէջ ծայր առած կրթական ու ազգային գործունէութիւնները, մանաւանդ որ Վասպուրականը իր 250,000 հայ բնակչութեամբ կրնայ հետեւիլ պալքան երկիրներու օրինակին, Ցարական Ռուսիոյ սահմանամերձ ըլլալով։ 1876 Դեկտեմբեր 3-ին Վանի շուկային մէջ ծագած հրդեհով կը փճացուի ու կողոպուտի կ՚ենթարկուի հայ վաճառականներուն հարստութիւնը։ Այս դէպքը ընդվզում կը յառաջացնէ Փորթուգալեանի մօտ, որովհետեւ մեծ կարեւորութեամբ հայ վաճառականներ իրենց բարւոք նուիրատուութեամբ կ՚աջակցէին կրթական ծրագիրներու զարգացումին, ու ան իր գրչին ապաւինելով յօդուած կը ղրկէ «Մշակ»ին ու Պոլիս հրատարակուող թերթերուն։ Բարձրագոյն դուռը մտահոգութեամբ կը դիտէր Փորթուգալեանի յաջողութիւնները եւ կ՚ուզէր զինք ձերբակալել, բայց Ներսէս Պատրիարք աւելի արագ շարժելով կը հեռագրէ, որ Փորթուգալեան հեռանայ Վանէն շրջանի մը համար, ու ան Պարսկաստանի վրայով կ՚անցնի Թիֆլիս, ուր դարձեալ մնայուն աշխատակցութիւն կը բերէ «Մշակ»ին՝ Հրանտ ծածկանունով, ու ապահովելով Արփիարեանի աշխատակցութիւնը նոյն թերթին։
«Մշակ»ի արեւելահայ ընթերցողները ռուս-թրքական (1877-78) պատերազմի ընթացքին հետամուտ կը դառնան արեւմտահայոց վիճակին ու «Մշակ»ը կը դառնայ «Արարատեան Ընկերակցութեան» ի նպաստ եղած նիւթական եւ բարոյական աջակցութեանց կեդրոնը։ 1878-ի աւարտէն առաջ ան կրկին կու գայ Պոլիս, ուր որոշուած էր ընկերակցութեան հովանաւորութեամբ բանալ Վարժապետանոց մը Վանի մէջ ու կարճ ժամանակ ետք Փորթուգալեան նիւթական ապահոված կը վերադառնայ Վան։ 1879 Յունուարին Մարկոս Նաթանեանի հետ հիմը կը դնէ Վանի Վարժապետանոցին։ Պէտք է ըսել որ «Արարատեան Ընկերակցութիւնը» նիւթապէս կը հովանաւորէր Վանի մէջ 6 վարժարանները ու անոնց ընդհանուր տեսչութիւնը վստահուած էր Մկրտիչ Փորթուգալեանին։ Ամիս մը ետք արդէն Նաթանեանի ու Կոստանդին Կամսարականի հետ կը հիմնէ «Յառաջդիմասէր» ընկերութիւնը, որ քարոզչութեամբ Վասպուրականի հայութեան մօտ պիտի վառ պահէր Ազգային Սահմանադրութեամբ արեւմտահայոց համար սահմանուած իրաւունքները։
1880 Յունիսին Ներսէս Պատրիարք զգալով թուրք կառավարութեան շրջանակներու զայրոյթը, ընկերակցութեան ատենապետ Մինաս Չերազին կը թելադրէ փակել վարժարանը ու Փորթուգալեան կանչել Պոլիս։ Բայց տարի մը ետք ան կը վերադառնայ Վան ու իր սեփական ջանքերով ու միջոցներով, ինչպէս նաեւ Խրիմեան Հայրիկի բարոյական աջակցութեամբ 1881-ին կը հիմնէ Կեդրոնական վարժարանը, որ վարժապետանոցի շարունակութիւնը պիտի ըլլար, ու շուտով պիտի դառնար յեղափոխական գործունէութեան կեդրոն։ Այս վարժարանի առաջին շրջանաւարտները գլխաւորութեամբ Մկրտիչ Աւետիսեանի 1885-ի Օգոստոսին պիտի հիմնէին հայ քաղաքական առաջին կուսակցութիւնը՝ Արմենական կազմակերպութիւնը։
1882-ին, ան Վանի մէջ հիմը կը դնէ գիշերային ակումբի մը, որուն մուտքը ազատ էր նոյնիսկ թուրքերուն համար, որոնք ժամանցի համար յաճախ կ՚այցելէին հոն։ Ակումբի անդամներուն համար դասախօսութիւն կը կազմակերպէր Փորթուգալեան Հայկազեան վարժարանի սրահէն ներս։ Հայրենիքի փրկութեան համար Փորթուգալեանի ծրագիրն էր «ոչ հայը ըմբոստացնել թուրքին դէմ եւ ոչ ալ գրգռել ռուսին դէմ, այլ՝ դաստիարակութեամբ հասցնել գիտակից սերունդ մը ծանօթ հայոց հողային հարցին»։
Այդ օրերուն Վանի մէջ Պօղոսեան եւ Ապօղոսեան պայքարը կը ստանայ սուր բնոյթ մը. Պօղոսեան շարժումի ջոջերը բնականաբար հակառակորդներն էին նաեւ Մկրտիչ Փորթուգալեանի, որոնք մատնանշումներ կ՚ընեն կառավարութեան մօտ իր մասին։
Այս բոլորին չհանդուրժելով, թուրք կառավարութիւնը նախ կը փակէ գիշերային ակումբը, ապա Կեդրոնական վարժարանը, որ չորս տարուայ ընթացքին ունեցած էր 12 շրջանաւարտներ։ Իսկ Մկրտիչ Փորթուգալեան փախուստ տալով թուրք ոստիկաններէն, 1885 Յունիս 3-ին կը բռնէ աքսորի ճամբան, ու իր կողակիցին ու զոյգ դուստրերուն հետ կը հաստատուի Մարսէյլ։
Բայց նորահաստատ Փորթուգալեան կ՚որոնէ Պոլիսէն ժամանած ու Մարսէյլ հաստատուած իր հայրենակիցները, որոնց օժանդակութեամբ 1885 Յուլիսին կը ձեռնարկէ «Արմէնիա» թերթի հրատարակութեան, որուն առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 1885 Օգոստոս 1-ին։ «Արմէնիա»ի թիւերը գաղտնի միջոցներով կը մտնեն Վան եւ Տարօն, ձեռքէ ձեռք խլուելով կը կարդացուին իր աշակերտներուն եւ իր գաղափարներով տոգորուած երիտասարդներու կողմէ։ Թերթը չըլլալով հանդերձ բռնի ուժի եւ ամբոխավարական ցոյցերու ջատագով յեղափոխական ոգի կը ներշնչէ Վասպուրականի երիտասարդ սերունդին եւ զայն կը մղէ ընդդէմ թուրքին։
«Արմէնիա»ն կարճ ժամանակի մէջ իր շուրջ բոլորեց Եւրոպայի մէջ ուսում առնող հայ երիտասարդները, իսկ աւելին, Արեւմտեան Եւրոպայի զանազան քաղաքներու մէջ գործող հայերու եւ ազգային խորհուրդներու միջեւ գործակցութիւն մը ապահովելու նպատակով Փորթուգալեանի նախաձեռնութեամբ Մարսէյլի մէջ կը գումարէ ժողով մը, ուր կ՚որոշուի Եւրոպայի հայ գաղթօճախներուն կեդրոնը հաստատել Լոնտոն եւ ընդհանուր հանգանակութեան ձեռնարկել ապագայ քաղաքական գործունէութեանց համար, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի դատին համար դիմումներ կատարելու օտար պետութեանց մօտ։ Բայց վայրը անգործնական թուելով, համագաղութային այդ ծրագիրը կը մարմնաւորուի Մարսէյլի մէջ որպէս «Հայոց Հայրենասիրական Միութիւն» անունով՝ 1886-ին, որուն առաջին տարեշրջանի ճիւղաւորուած եւ օգտակար շրջանին էր որ տարակարծութիւններ կը ծագին Փորթուգալեանի՝ մէկ կողմէն, իսկ միւս կողմէ՝ Աւետիս եւ Մարօ Նազարբեկեաններու, ինչպէս նաեւ Ս. Գաբրիէլեանի միջեւ։ Այս վերջինները կ՚ուզէին միութեան տալ ընկերվարական ուղղութիւն։ Անոնք նաեւ բաժնուեցան «Արմէնիա»էն ու Ժընեւի մէջ 1887-ին հիմնեցին Հնչակեան կուսակցութիւնը իր «Հնչակ» թերթով։ Մինչդեռ Փորթուգալեան հետեւեալ ձեւով կը բանաձեւէր միութեան նպատակը։
«Հայոց Հայրենասիրական Միութեան նպատակն է աշխատիլ վարչական բարենորոգումներ մտցնել թուրքահայաստանի մէջ, հայ ժողովուրդի տեղական պէտքերի համեմատ հայ ժողովուրդի ցանկութիւնն է իրաւունք ստանալ ազատօրէն ինքզինք կառավարելու, որով միայն պիտի կրնան վերանալ այս հարստահարութիւնները, որոնք այսօր Հայաստանի թշուառութեան եւ աւերակ դառնալուն պատճառ կը լինեն»։
Փորթուգալեան անխոնջ կը շարունակէ իր միութենական աշխատանքը համախմբելով ժողովրդավար մտածողութեան տէր գործիչներ, որոնք Արեւմտեան Եւրոպայի հայկական համայնքներէն ներս պիտի դառնային ծանօթ գործիչներ ու սատարէին «Արմէնիա»յի հրատարակութեան, որուն գրաշարները դարձած էին իր դուստրերը Շուշանն ու Հայկանուշը, իսկ Մկրտիչ Փորթուգալեան եղաւ խմբագիրն ու ցրուիչը, հասցէագրողն ու սրբագրիչը։ Թերթը կը մտնէր ամէն քաղաք ու տուն եւ կը յիշուէր ակնածանքով։ Փորթուգալեան իր յախուռն խառնուածքով ու աննկուն կամքով աւելի ազդեցիկ դարձաւ Եւրոպա հաստատուած արեւմտահայ զանգուածներուն մօտ, մանաւանդ Համիտեան ջարդերէն ու Վանի 1896-ի ինքնապաշտպանութենէն ետք։ Իր սերտ գործակիցները դարձան վերակազմեալ հնչակեան առաջնորդներ՝ Միհրան Սվազլեան, Արփիար Արփիարեան եւ Միհրան Տամատեան։ Իսկ Լոնտոն գտնուած շրջանին բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանն ալ թերթին իր մնայուն մասնակցութիւնը կը բերէր։
1908-ի երիտթուրքերու յեղաշրջումի տարին, գործունէութեան նոր դաշտ մը բացուած էր Փորթուգալեանի համար, ու յաճախակի կապ կը հաստատէր պոլսահայ մտաւորականութեան հետ, իսկ աւելին՝ Արշակ Չօպանեանի հետ ալ յաճախակի հանդիպումներ կ՚ունենար։
1914-ի Համաշխարհային Ա. Պատերազմէն առաջ պոլսահայ գաղութը իր բոլոր հատուածներով, գիտցաւ փառաբանել իր խիզախ ու աննկուն զաւակը՝ կազմակերպելով քառասնամեայ յոբելենական հանդիսութիւն մը։
«Արմէնիա»ն 36 տարիներ անսայթաք հրատարակելէ ետք 1921 Սեպտեմբեր 27-ին, Մարսէյլի մէջ Մկրտիչ Փորթուգալեան իր աչքերը յաւիտեան կը փակէր 73 տարեկանին։ Ան հաւատարիմ մնաց հայ ազգային ազատագրական պայքարի կրակը ամբողջ աշխարհի հայութեան հասցնելու առաքելութեան, առանց արտասանելու յեղափոխութիւն բառը։ Փորթուգալեանի ցանած սերմերը իրենց պտուղը տուին ու ազգային ազատագրական շարժումը իր ուղին հարթեց դէպի իրականացումը ազատ ու անկախ Հայաստանի մեծ երազին։
Իսկ իր մահուընէ 4 օրեր ետք՝ 1921 Հոկտեմբեր 1-ին, իր ծննդավայր Պոլսոյ մէջ կազմաւորուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որպէս հարազատ շառաւիղը 1885-ին հայրենի հողին վրայ ծնունդ առած Արմենական Կուսակցութեան։
***
2014-ին «ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ»ի հրատարակութեամբ Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Արմէնիա պարբերականը» աշխատասիրութիւնը, հեղինակութեամբ Դոկտ. Սուրէն Սարգսեանի։
65 տարիներ առաջ՝ 1953-ին, Պէյրութի մէջ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կեանքի կը կոչէր երիտասարդական ուսանողական ակումբը, զայն անուանելով ՌԱԿ Մկրտիչ Փորթուգալեան ակումբ, որուն անդրանիկ ատենապետը կը դառնայ ՌԱԿ-ի երախտաւոր եւ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ՝ Անդրանիկ Լ. Փոլատեանը։