«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը Կենեվայի մէջ խորհրդարանական միջազգային խորհրդաժողովին դէմ քուէարկեց համասեռականներու իրաւունքները ճանչցող օրինագիծին: Այս մասին Հինգշաբթի հաղորդեցին Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Խորհրդարանի նախագահը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը պարբերաբար նշանակալի դեր խաղացին օրինագիծի չեղարկման ուղղութեամբ միջխորհրդարանական 139րդ միութեան ժողովին: