«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի մէջ մերօրեայ գոյավիճակը կը համարուի կայուն՝ շնորհիւ այժմէական օրէնսդրութեան եւ երկրի դաշնակիցներուն զօրակցութեան: Այս մասին Հինգշաբթի ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի:
Հինգշաբթի առաւօտեան Հարիրի մասնակցեցաւ խորհրդաժողովի, որ կեդրոնացաւ կայուն զարգացման, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի այդ ուղղութեամբ նախագծած ծրագիրներուն վրայ՝ նպատակուղղուած աղքատութեան դէմ պայքարի յաջողութեան եւ միջավայրի ընդհանուր ապահովութեան: