Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը Կը Պատուէ Պատանի Տաղանդ Անժելա Թոսունեանը

Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ բաժնուած պատանի տաղանդ Անժելա Թոսունեանի գեղանկարչական գործերու ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական Վարչութեան եւ Թոսունեան ընտանիքի ջանքերով, Կիրակի, 14 Հոկտեմբերին Թէքէեան կեդրոնի առաջին յարկի ցուցասրահին մէջ:

Այս առիթով արուեստասէրներ ժամանած էին ցուցասրահ պատուելու համար վաղամեռիկ պատանի Անժելան:  Անժելայի նկարչութեան ուսուցիչ Գրիգոր Արբաճեան ամփոփեց անոր արուեստի գործունէութիւնը՝ յայտնելով, որ ան ինքնամփոփ եւ լուրջ աղջիկ մըն էր, որ լուռ ու մունջ կ’արտադրէր: Բարի եւ գեղեցիկ ժպիտը անպակաս էր անոր դէմքէն: Ան ութ տարեկանին միացած էր «Աթէօլիէ Տ’Ար» արուեստի դպրոցին եւ տարուէ տարի կը յառաջդիմէր:

Այնուհետեւ լսուեցաւ Պ. Դուրեանի՝ Հրաչեայ Ներսիսեանի ասմունքած «Իմ Մահը» բանաստեղծութիւնը: Դուրեան նաեւ ըլլալով վաղամեռիկ երիտասարդ բանաստեղծ, կը յայտնէ թէ ինք կը տխրի այն ատեն, երբ մահէն առաջ չկարենայ օգնել իր հայրենիքին:           

Պատանիին հայրը՝ Վիգէն Թոսունեան, «Անժելայէն Ի՞նչ Սորվեցանք» խօսքով ամփոփեց բացման հանդիսութիւնը: Ան յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր անհատ իր ապրած կեանքով կ’արժեւորէ ինքզինք եւ իր շրջապատը: Անժելան իր ապրած կարճ ժամանակամիջոցին դարձաւ արժէք եւ օրինակ ծառայեց մեզի: Այո, ան շատ բաներ սորվեցաւ, ապրեցաւ իր կեանքը եւ մեզի շատ բաներ սորվեցուց:

Ի՞նչ սորվեցանք իրմէ:

Սորվեցուց սիրել արուեստը եւ իր կարելին ըրաւ իր տաղանդը ցոյց տալու համար: Տարուէ տարի յառաջդիմեց շնորհիւ Պարոն Գրիգոր Արբաճեանի նեցուկին: Տուաւ իր կարելին շնորհիւ այն տաքուկ ու ընկերային մթնոլորտին, որ կը տիրէր Պարոն Գօգոյի արուեստանոցին մէջ, ուր ամէն մարդ կը յարգէր դիմացինը: Կարծէք ընտանիք մըն էր որուն հայրը Պարոն Գօգօն էր:

Սորվեցուց սիրել հայ մշակոյթը, մանաւանդ տոհմիկ պարարուեստը: Միանալով Նոր Սերունդ Մշակութային  Միութեան «Արեգ» պարախումբին, տուաւ իր կարելին շնորհիւ այն ընկերային գեղեցիկ մթնոլորտին, զոր միշտ կը ստեղծէին պարախումբի պատասխանատուները գլխաւորութեամբ Տիկին Անի Եբրեմեանի: Ան որեւէ փորձ չէր փախցնէր եւ միշտ ներկայ էր ու տունն ալ կը շարունակէր նոր սորված շարժումները կրկնել:

Սորվեցուց սիրել մեր լեզուն: Կը սիրէր հայերէն լեզուն շնորհիւ Տիկին Ֆերմանեանի դպրոցին մէջ ստեղծած հոգատար մթնոլորտին: Կը սիրէր նաեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները: Բոլոր ուսուցիչներուն հանդէպ ունէր յարգանք: Տնօրէնութիւնը կը յայտնէր, թէ անոր ձայնը չէին լսեր: Սակաւախօս էր եւ ինքնամփոփ: Ունէր շատ խորունկ զգացական աշխարհ մը, որու բանալիները իր մօտ էին:  

Սորվեցուց ըլլալ ընկերասէր, մարդասէր: Շատ ուրախ կ’ըլլար երբ յայտնէի թէ Ուրբաթ օր պիտի մասնակցէր Արմենական Պատանեկան Շարժումի հաւաքներուն Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ: Ուրախութիւնը սահման չէր ունենար, երբ յայտնէի թէ պիտի կատարենք քայլարշաւ մը Լիբանանի բնութեան մէջ: Կը մասնակցէր բոլոր արշաւներուն: Կը սիրէր բնութիւնը եւ ընկերները: Կ’ուզէր որ անոնք ալ իր հետ վարուէին փոխադարձ յարգանքով:  Կը փնտռէր համեստ ընկերուհիներ, որոնք զինք ընդունէին ինչպէս որ էր: Կը փնտռէր մարդիկ, որոնք կը հասկնային զինք:

Ան երբեմն կ’ըմբոստանար կեանքի եւ առողջական դժուարութիւններու դէմ, սակայն շատ քիչ անգամ ցաւ կը յայտնէր: Քաջ էր եւ խրոխտ ոգիի տէր ու իր Քրիստոնէութիւնը սորվեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ եւ ապրեցաւ զայն: Ան մեզի սորվեցուց ըլլալ ներող ու համեստ եւ չզբաղիլ մանր հարցերով:

Այս բաներն են զորս սորվեցանք պատանի Անժելայէն: Այո, ան ուսուցիչ դարձաւ աշխարհի վրայ իր կարճ կեանքի ընթացքին:

Այս առիթով Թոսունեան ընտանիք իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց Լիբանանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան ընտանիքին եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, մանաւանդ Ընկեր Յակոբ Գասարճեանին, Ընկեր Տոքթոր Յակոբ Փափազեանին, Ընկեր Տոքթոր Աւետիս Տագէսեանին եւ Ընկեր Միքայէլ Վայէճեանին իրենց մեծ նեցուկին համար, ՀԲԸՄին, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Պարոն Գրիգոր Արբաճեանին, «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն ու «Ռատիօ Սեւան»ին: Ան յայտնեց, որ իսկապէս հպարտ էր որ մաս կը կազմէր այս մեծ ընտանիքին, որ գիտէ իր ընկերները պատուել եւ անոնց նեցուկ կանգնիլ դժուարութեան պահերուն: Ընտանիքը որոշած են վաղամեռիկ պատանիին անունով ստեղծել ֆոնտ մը, որուն հասոյթով նեցուկ պիտի կանգնին արուեստասէր պատանի տաղանդներու եւ պատանեկան շարժումներու:

Ապա ներկաները հիացումով դիտեցին Անժելայի գեղանկարները եւ յայտնեցին իրենց ուրախութիւնը այս ձեռնարկի գաղափարին համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին