«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան ներկայ գտնուած են Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրաբերուած բժշկական շտապ օգնութեան 200 մեքենայի յանձնման արարողութեան: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ միջոցառումին ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Արսէն Թորոսեանը, փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Յակոբ Արշակեանը, Հայաստանի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլունը եւ այլք:
Չինաստանի դեսպանը նշած է, որ նոր սերունդի բժշկական շտապ օգնութեան 200 մեքենաներ նուիրաբերելու ծրագիրը մեծագոյններէն մէկն է Չինաստանի միջազգային բարեգործական նմանօրինակ ծրագիրներուն մէջ: Դեսպանը տեղեկացուցած է, որ հայկական շահառու կազմակերպութիւններու աշխատակիցներուն բժշկական շտապ օգնութեան մեքենաներն ու անոնց մէջ տեղակայուած սարքաւորումները ներկայացնելու նպատակով Չինաստանէն Հայաստան ժամանած է մասնագէտներու խումբ: Ուստի, մօտ 350 բժիշկ, բժշկական քոյր եւ վարորդ անցած է մասնագիտական վերապատրաստում: «Չնայած այն հանգամանքին, որ մեր երկու երկիրները հեռու կը գտնուին իրարմէ, մեր ժողովուրդներու բարեկամութիւնը դարերու պատմութիւն ունի: Չինաստանի աջակցութիւնը Հայաստանին կ’իրականացուի անշահախնդրօրէն: Համոզուած եմ, որ Չինաստանն ու Հայաստանը կը շարունակեն համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ եւ հայ-չինական կապերը կ’ըլլան շարունակական ու ամուր»,- ըսած է դեսպանը:
Արսէն Թորոսեան նշած է, որ նուիրաբերուած մեքենաները յագեցած են ժամանակակից սարքերով, օժանդակ պարագաներով, ինչը աւելի կը դիւրացնէ բժշկական անձնակազմի աշխատանքը՝ միաժամանակ զայն դարձնելով աւելի որակեալ եւ արդիւնաւէտ: «Մեքենաներու յագեցուածութիւնը թոյլ կու տայ նոյնիսկ ծանր հիւանդներուն տեղնուտեղը բժշկական օգնութիւն ցուցաբերել՝ նուազեցնելով մահացութեան դէպքերը»,- ըսած է նախարարի պաշտօնակատարը՝ տեղեկացնելով, որ կառավարութեան որոշումով շտապ օգնութեան մեքենաները բաշխուած են ամբողջ Հանրապետութիւնով մէկ: 49 մեքենայ տրամադրուած է Երեւանի շտապ օգնութեան ընկերութեան, 10 մեքենայ՝ Երեւանի բժշկական կեդրոններուն, 131ը՝ մարզերուն:
Պատասխանատուները Նիկոլ Փաշինեանին մանրամասն ներկայացուցած են բժշկական շտապ օգնութեան մեքենաներու հնարաւորութիւններն ու անոնց մէջ առկայ միջոցները:






