Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Սովը Արմատախիլ Ընելու Համար Քաղաքական Բաւարար Կամք Չկայ. Հռոմի Պապ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մոլորակի վրայ սովն ու թերսնումը արմատախիլ ընելու համար չկայ քաղաքական բաւարար կամք: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, յայտարարած է Հռոմի Ֆրանչիսքոս պապը ամէն տարի Հոկտեմբեր 16-ին նշուող Պարենի համաշխարհային օրուան կապակցութեամբ հրապարակած յատուկ ուղերձին մէջ:

«Պարենի համաշխարհային օրուան տօնակատարութիւնը առաջնակարգ կը մղէ այն միլիոնաւոր մարդոց կարիքները, տագնապներն ու յոյսերը, որոնք հանապազօրեայ հացի խնդիր ունին: Ցաւօք, աւելի ու աւելի շատ են անոնք, որոնք կը դասուին  այն հսկայական թիւով մարդոց խումբին, որոնք ուտելու որեւէ բան կամ գրեթէ որեւէ բան չունին: Մինչդեռ պէտք է հակառակը ըլլար»,- ըսուած է պապական ուղերձին մէջ, որ Պարենի եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան (FAO) առընթեր Սուրբ աթոռի մշտական ներկայացուցիչը Հոկտեմբեր 16ին ընթերցած է Հռոմի մէջ միջազգային այդ կազմակերպութեան կեդրոնակայանին մէջ կայացած յատուկ արարողութեան ժամանակ: Ֆրանչիսքոս պապը հանդէս եկած է ներկայիս ստեղծուած իրադրութեան բաւականին սուր քննադատութեամբ, երբ սովի դէմ պայքարի բազմաթիւ միջազգային ծրագիրներ ու խորհրդաժողովներ իրական արդիւնքներ չեն բերեր:

«Սովի ընդհանուր տեղեկատու» ամէնամեայ զեկոյցի տուեալները, զոր հրապարակած է Պարենային քաղաքականութեան միջազգային հետազօտական հիմնարկը Welthungerhilfe եւ Concern Worldwide ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ համատեղ, կը վկայեն, որ ընդհանուր առմամբ աւելի քան 120 մլն մարդ կը տառապի սովի եւ թերսնունդի խնդիրէն: Ափրիկէի երկիրները այս վարկանիշի մրցանշակիրներն են: Կը նշուի, որ 2018 թուականի ցուցանիշը առաւելագոյնին հասած է այս զեկոյցի հրապարակման ողջ ժամանակաշրջանին: Զեկոյցի տեղեկութեան համաձայն՝ այսօրուան դրութեամբ սովէ կը տառապի շուրջ 124 մլն մարդ՝ երկու տարի առաջուան 80 միլիոնի համեմատութեամբ: Անոր հետ մէկտեղ կը տեղեկացուի, որ հարկադիր վերաբնակներու թիւը, որոնք սովի մատնուած են կամ անբաւարար կը սնուին, այս տարի հասած է մօտաւորապէս 70 միլիոնի:

Ափրիկէի եօթը երկիրներուն մէջ, ներառեալ Չատը, Հայիթին, Մատակասքարը, Սիեռա-Լէոնեն, Եմէնը եւ Զամպիան, այս խնդիրը աւելի լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ: Սովահար բնակչութեան հետ կապուած ամենավտանգաւոր իրադրութիւնը գրանցուած է Կեդրոնական Աֆրիկէի Հանրապետութեան մէջ: Ցուցանիշի զգալի վատթարացում արձանագրուած է Հիւսիսային Քորէայի մէջ, որ սովեալ բնակչութեան թուաքանակով 27րդ տեղէն տեղափոխուած է 11րդ տեղը, հաղորդաղ է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին