«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Երեքշաբթի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի գլխաւորած նիստէն ետք, երեսփոխանները վերընտրեցին քարտուղարութեան միեւնոյն անդամները:
Երեսփոխաններ Ալան Աուն եւ Մարուան Համատէ անմրցակից էին որպէս խորհրդարանի ներկայ գործելաժամկէտի մշտական քարտուղարներ: Երեսփոխաններ Միշէլ Մուսա, Սամիր Ժըսըր եւ Յակոբ Բագրատունեան այսուհետ նոյնպէս պիտի զբաղեցնեն միւենոյն պաշտօնները քարտուղարութեան պիւրոյին մէջ:
Խորհրդարանական յանձնաժողովներու նախագահներն ու անդամները եւս անփոփոխ մնացին:






