ՆԱՐԷ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
«ՍինեՄիտք» նախագիծի ծիրէն ներս «Ոսկէ Ծիրան»ի հայկական համայնապատկեր ծրագրի ֆիլմերէն «Քամու հետ» ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Կիւմրի եւ Վանաձոր քաղաքներուն մէջ:
Ֆիլմի բեմադրիչը Արթուր Սահակեանն է, որ փորձած է իր ֆիլմին մէջ ներկայացնել կեանքը Սեւանի մէջ: Ըլլալով Հայաստանի ամենամեծ ջրային աւազանը, այստեղ ամէն տարի միջինը 10 ձկնորս կը խեղդուի՝ լիճի անկանխատեսելի եղանակի պատճառով, սակայն այստեղ ապրող իւրաքանչիւր մարդ գիտէ, որ այստեղ ծնիլն ու Սեւանայ լիճի վրայ նաւարկելը իր ճակատագիրն է: Ֆիլմը կը պատմէ մարդոց մասին, որոնք ծնած ու մեծցած են լիճի ափին եւ լիճի վրայ նաւարկելն ու ձուկ բռնելը անոնց համար առաջին հերթին ծննդաբանականօրէն չարաճճի սովորոյթ մը դարձած է, ընտրելով նաւարկութիւնը բաց ծովու վրայ եւ տրուիլ կապուտաչեայ գեղեցկուհիի քմահաճ ալիքներուն, որ ցաւօք շատ անգամ անողոք կ’ըլլայ եւ տարեկան քանի մը անգամ իր գիրկը կ’առնէ ձկնորսներէն քանի մը հատը: Ֆիլմը նկարահանուած է հետեւողի աչքերով` իրապաշտական, սակայն միեւնոյն ժամանակ բանաստեղծական պատկերաշարով:
Ֆիլմի տեւողութիւնը 51 վայրկեան է: 16+
Կիւմրիի մէջ ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Հոկտեմբեր 18ին՝ ժամը 16:00ին
Հոկտեմբեր կինոթատրոն, Աբովեան 143
Վանաձորի մէջ Հոկտեմբեր 19ին, ժամը 16:00ին
Կինոակումբ Լոռի, Կարէն Դեմիրճեան
Ցուցադրութեան պիտի յաջորդէ հարցուպատասխան ֆիլմի բեմադրիչ Արթուր Սահակեանի հետ:
Մուտքը ազատ է:
Ծրագիրը կ’իրականացուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Եւրասիա համագործակցութիւն հիմնադրամի ՔՀ Կամուրջ ծրագրի ծիրէն ներս` Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորմամբ:
Յիշեցնենք, որ Արթուր Սահակեան 2018 թուականին արժանացած է ՀՀ նախագահի մրցանակի եւ Ոսկէ Ծիրանի հայկական համայնապատկեր ծրագրի ծիրէն ներս ֆիլմը արժանացած է մրցանակի «Լաւագոյն նախաքայլ» անուանակարգին մէջ: