«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ տեղի ունեցաւ ՀՀ կառավարութեան արտահերթ նիստ, որ վարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը:
Ինչպէս «Արմէնփրես» տեղեկացուց, նախքան օրակարգային հարցերի քննարկումը վարչապետը յայտնած է, որ նոյն օրը երեկոյան հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ մը: «Հայաստանը կը թևակոխէ պատմական շրջափուլ, որուն արդիւնքներով պէտք է աւարտին հասցնենք գարնան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ ժողովրդական յեղափոխութիւնը: Այդ մասին ես աւելի մանրամասնյայտարարութեամբ հանդէս կու գամ երեկոյան»,- նշած է վարչապետը:
Կառավարութեան ղեկավարը շնորհաւորած է նաեւ տնտեսական զարգացման և ներդրումներու եւ գիւղատնտեսութեան նորանշանակ նախարարներուն, իրենց պաշտօնը ստանձնելու առիթով:






