«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Երեքշաբթի յետմիջօրէին հանդիպում ունեցաւ նախագահ Միշէլ Աունի հետ: Զրուցակիցները հիմնականօրէն անդրադարձան կառավարութեան կազմաւորման առնչուող շարք մը խնդիրներու:
«Ալ Ժումհուրիա» տեղական օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, որ հրապարակուեցաւ Երեքշաբթի առաւօտեան, Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնած էր, որ նախագահ Միշէլ Աունի հետ տեղի ունենալիք խորհրդակցութիւններուն պիտի շօշափեն բազմապիսի հարցեր, ընդհուպ մինչեւ կառավարութեան կազմաւորումը:






