ՆԱՐԵԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Հայաստանի մէջ կայացաւ երկրի անկախացումէն ի վեր ամենամաշտաբային միջազգային իրադարձութիւնը՝ Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան 17րդ գագաթնաժողովը, որուն ծիրէն ներս Հայաստանը երկու տարիով ստանձնեց այդ կառոյցի նախագահութիւնը: Նման միջոցառումին կազմակերպումը, անշուշտ, պահանջած է թէ՛ դիւանագիտական, թէ՛ կազմակերպչական հսկայական ջանքեր: Այժմ, երբ գագաթնաժողովը բարեյաջող կերպով աւարտած է, ցանկալի է յետադարձ հայեացք նետել եւ գնահատել՝ ի՞նչ տուաւ անիկա Հայաստանին:
Արդիւնքները ամփոփելու ատեն նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է արձանագրել, որ Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի նախագահութիւնը (ՖՄԿ) մէկ երկրէն միւսը չի փոխանցուիր յաջորդական կարգով, ինչպէս ընդունուած է շարք մը այլ կառոյցներու մէջ (օրինակ՝ ՇՀԿ, ԵՄ, ԵԱՏՄ): Կառոյցի նախագահութեան ստանձնումը հայկական կողմի նախաձեռնողականութեան եւ աշխոյժ աշխատանքի արդիւնք է, ինչը պէտք է գնահատել ըստ արժանւոյն:
Միջազգային կապերու ամրապնդում
Բաւական բարձր մակարդակի կազմակերպուած նման լայնամաշտաբ միջոցառումի հիւրընկալումը, անշուշտ, դրական ազդեցութիւն ունեցաւ Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան վրայ: Հայաստան ժամանած էր 84 երկրի պատուիրակութիւն, որոնցմէ 38ն ներկայացուած էր երկրի ղեկավարի մակարդակով: Նման ներկայացուցչական մասնակցութիւնը մէկ կողմէ կը վկայէ նախապատրաստական աշխատանքներու բարձր արդիւնաւէտութեան, միւս կողմէ՝ Հայաստանի նկատմամբ միջազգային հետաքրքրութեան մասին: Ամիսներ առաջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքով, գաղտնիք չէ, որ միջազգային հանրութեան մօտ Հայաստանի նկատմամբ ձեւաւորուած է բաւական դրական ընկալում, ինչը կ’արտայայտուէր նաեւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած երկկողմ բարձրաստիճան հանդիպումներու ընթացքին:
Գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Հայաստան ժամանած էր աւելի քան 3500 հիւր, իսկ Ֆրանքոֆոնի գագաթնաժողովի լուսաբանման, «Ֆրանքոֆոն լրագրողներու միջազգային միութեան» ժողովին մասնակցելու համար՝ շուրջ 600 լրագրող: Նման մեծաքանակ հիւրերու եւ լրագրողներու ներկայութիւնը բաւական լաւ հնարաւորութիւն էր աշխարհի շուրջ 274 մլն ֆրանսախօսներու համար Հայաստանի եւ հայկականի վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման տեսանկիւնէն:
Գագաթնաժողովը բաւական լաւ հնարաւորութիւն էր նաեւ ՀՀ արտաքին կապերու զարգացման եւ ամրապնդման համար: 2003ին՝ որպէս դիտորդ, 2008ին որպէս միաւորուած անդամ, իսկ արդէն 2012էն՝ որպէս ՖՄԿ լիիրաւ անդամ, Հայաստանը բաւական լաւ օգտագործած է կառոյցի ընձեռած հնարաւորութիւնները՝ շարք մը երկիրներու հետ հաստատելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ, իսկ ուրիշներու հետ ալ աւելի ամրապնդելով երկկողմ փոխգործակցութիւնը: Չնայած տարածական հեռաւորութեան՝ ափրիկեան, ասիական երկիրներու հետ նման կապերու առկայութիւնը Հայաստանի համար բաւական կարեւոր է՝ մէկ կողմէ փոխգործակցութեան ներուժի բացայայտման եւ իւրացման, միւս կողմէ՝ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ համագործակցութեան տեսանկիւնէն: Երեւանեան գագաթնաժողովը այս առումով եւս բաւական լաւ հարթակ ծառայեց ՖՄԿ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ ՀՀ վարչապետի, նախագահի եւ ԱԳ նախարարի հանդիպումներու կազմակերպման, երկկողմ յարաբերութիւններու քննարկման, օրակարգի յստակեցման եւ, ինչու ոչ, նոր պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման համար:
Գագաթնաժողովը թերեւս աւելի կարեւորուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի՝ Հայաստան կատարած այցով: Յատկանշական է, որ Մաքրոնը նախագահի պաշտօնին առաջին անգամ կ’այցելէր Հայաստան: Թէեւ այցը կը կրէր աշխատանքային բնոյթ, անիկա բաւական յագեցած էր եւ աւելի ամրապնդեց վերջին շրջանին զգալիօրէն աշխուժացած հայ-ֆրանսական երկխօսութիւնը:
Բաւական ջերմ մթնոլորտի մէջ անցաւ նաեւ Ճասթին Թրիւտոյի պաշտօնական այցը, որ Գանատայի վարչապետի առաջին այցն էր Հայաստան: Այցի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են երկկողմ յարաբերութիւններու լայն օրակարգին, ինչպէս նաեւ ձեռք բերած են առանձին պայմանաւորուածութիւններ, օրինակ՝ Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ օդային փոխադրումներու երկկողմ համաձայնագիրի, զբօսաշրջիկներու ընտանքիներու եւ գործարարներու շփումները դիւրացնելու համակարգերուն վերաբերեալ:
Երեւանեան հռչակագիր
ՖՄԿ 17րդ գագաթնաժողովի ժամանակ ընդունուեցաւ նաեւ Երեւանեան հռչակագիրը, որուն նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ բաւական մեծ ջանքեր գործադրուած են: Այս առումով կարեւոր էր, թէ ի՛նչ ձեւակերպումներ տեղ կը գտնեն այդ փաստաթուղթին մէջ Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ: 2010, 2012, 2014 եւ 2016 թուականներուն տեղի ունեցած գագաթնաժողովներուն ժամանակ ընդունուած բանաձեւերուն մէջ եղած է անդրադարձ (հիմնականօրէն միանման) Ղարաբաղեան հակամարտութեան, ուր ՖՄԿ անդամ երկիրները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են «բանակցութիւններուն՝ Մինսքի խումբի համանախագահներու միասնական եւ անբաժան հէնք հանդիսացող սկզբունքներուն հիման վրայ», ինչպէս նաեւ կոչ ըրած հակամարտութեան բոլոր կողմերուն զերծ մնալու ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկումէն:
Ինչ կը վերաբերի Երեւանեան հռչակագիրին, ապա անիկա նոյնպէս Ֆրանկոֆոն տարածքներու հակամարտութիւններուն, այդ կարգին՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչուող դրոյթներ կը պարունակէ: Այս առումով կարելի է առանձնացնել 18րդ եւ 19րդ կէտերը: 18րդ կէտին մէջ, մասնաւորապէս, կ’ըսուի, որ երկիրները կը պարտաւորուին. «Քննադատել միջազգային մարդասիրական իրաւունքի որեւէ խախտում, ինչպէս նաեւ մարդասիրական հարցերու եւ քաղաքականացումը, կոչ ընել պաշտպանելու հակամարտութեան գօտիներու քաղաքացիական բնակչութեան եւ երաշխաւորել անոնց հիմնարար իրաւունքները եւ ազատութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովել արագ եւ անխոչընդոտ մարդասիրական մուտք»:
Հռչակագիրի 19րդ կէտին մէջ նշուած է. «ՄԱԿ նպատակներուն եւ սկզբունքներուն համաձայն՝ մենք կը վերահաստատենք մեր հաւատարմութիւնը՝ Ֆրանկոֆոն տարածութեան առնչուող ճգնաժամերու եւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման՝ մասնաւորապէս միջազգայնօրէն ճանչցուած բանակցային ձեւաչափերու ծիրէն ներս, բոլոր իրավիճակներուն մէջ խթանելու երկխօսութիւնը, եւ միջնորդութիւնը՝ այդ ճգնաժամերուն եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման հասնելու համար, ինչպէս նաեւ կ»աջակցինք հակամարտութիւններու կանխարգիլման կարգաւորման գործընթացին մէջ կանանց աճող դերակատարութեան»:
Եթէ 19րդ կէտը աջակցութիւն է ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան ձեւաչափի ներքոյ ընթացող Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, ապա 18րդ յօդուածին մէջ անդրադարձ կայ հակամարտութեան գօտիներուն մէջ քաղաքացիական բնակչութեան դէմ զաւթողականութեան, հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման, մարդասիրական խնդիրներու քաղաքականացման. ցաւալի երեւոյթներ, որոնք ազրպէյճանական կողմի քաղաքականութեան մաս են:
ՖՄԿ ընդլայնում
ՖՀԿ Երեւանեան գագաթնաժողովը կարեւոր էր նաեւ կառոյցի ընդլայնման եւ զարգացման տեսանկիւնէն: Գագաթնաժողովի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցան կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի ընտրութիւններ եւ այդ պաշտօնին ընտրուեցաւ Ռուանտան ներկայացնող Լուիզ Մուշիքիվապոն: Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները, Կոսովոն եւ Սերպիան ստացան Ֆրանքոֆոնի միաւորուած անդամի, իսկ Կամպիան, Իռլանտան, Լուիզանան (ԱՄՆ) եւ Մալտան՝ դիտորդի կարգավիճակ: Ըստ էութեան՝ սա ՖՄԿ նկատմամբ հետաքրքրութեան, կառոյցի զարգացման եւ ընդլայնման եւս մէկ կարեւոր ցուցիչ է:
Ամփոփելով Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան Երեւանեան գագաթնաժողվի արդիւնքները՝ կարելի է նշել, որ անիկա յաջողուած եւ բաւական լաւ փորձ էր Հայաստանի համար՝ ինչպէս նման մեծամաշտաբ միջոցառումներու կազմակերպման, այնպէս ալ զայն միջազգային կապերու զարգացման եւ ամրապնդման համար ծառայեցնելու տեսանկիւնէն:
Բնագիրը՝ արեւելահայերէն
Աղբիւրը՝ «Արմէնփրես»
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
«Զարթօնք«ի աշխատակի