Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Վրաստանի Մէջ Ազրպէյճանցի Ձերբակալուած Է՝ Տասնեակ Հազարաւոր Կեղծ Տոլարներով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վրաստանի մէջ Ազրպէյճանի քաղաքացի ձերբակալուած է՝ կեղծ թղթադրամներ պահելու եւ իւրացնելու մեղադրանքով: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ըսուած է Վրաստանի ֆինանսներու նախարարութեան քննչական ծառայութեան կայքին մէջ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ:

Խուզարկութիւններու ընթացքին մեղադրեալի մօտ յայտնաբերած եւ առգրաւած են 617 կեղծ թղթադրամ՝ 100 ամերիկեան տոլար անուանական արժէքով:

Քննչական ծառայութիւնը չի ճշդեր, թէ Ազրպէյճանի քաղաքացին Վրաստանի մէջ ուր կը պահէր եւ ինչպէս կ’իւրացնէր կեղծ փողերը: Մեղադրեալի դէմ յարուցուած է քրէական գործ «խոշոր չափի կեղծ փողերու կամ արժեթուղթերու պատրաստում կամ իւրացում» յօդուածով, ինչը կը պատժուի 7էն մինչեւ 10 տաուան ազատազրկումով, հաղորդած է «Sputnik»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին