ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ
Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ մենք կը հաւատանք ազատ կարծիքի: Անպայմանօրէն համաձայն չըլլալով հանդերձ հոն տեղ գտած իւրաքանչիւր մտքին, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի անոր ներկայացման ոճին, մենք տեղ կու տանք այս յօդուածին:
Մեզի համար կարեւորը անոր ոգին է, որ ըստ երեւոյթին քննադատական կոչ մըն է բարեկարգումի ու բարեփոխութեան, նամանաւանդ, որ մենք ալ կը հաւատանք, թէ լիբանանահայ համայնքը ինչպէս բոլոր հայկական սփիւռքներու պարագային կարիքը ունի ինքնաքննադատութեան վրայ հիմնուած վերաշնչաւորումի ու նոր օրերու տեսլականի:
«Խմբ.»
Կրթական համակարգը եւ անոր անդադրուն ու եղաշրջական ուժականութիւնը պետութեան կամ որեւէ հասարակութեան զարգացման կարեւորագոյն եւ հիմնական գործօններէն մէկն է: Հայերս յետն եղեռնեան ժամանակաշրջանին, դառնալով տարբեր պետութիւններու եւ անոնց հասարակական զարգացման խայտաբղէտութեանց մէկ մասնիկը, արդեօք ինչպէ՞ս կրցանք մերուիլ այդ հասարակութիւններու կենցաղային ու բարոյա-հոգեբանական կեանքին հետ, արդեօք ինչպէ՞ս կրցանք օգտուիլ մեզ հիւրընկալած եւ քաղաքացիութիւն շնորհած երկիրներու կրթա-մշակութային այլատիպ ժառանգութենէն, արդեօք ինչպէ՞ս կրցանք մեր ազգային վարժարանները վերածել մեր ինքնութեան հոգեւոր «պետութիւններու» եւ բնականաբար մեր ինքնատիպ տեսակի պատշաճ եւ համաշխարհային որակի կրթական ու գիտական օրրաններու:
Ափսո՜ս, որ ընդամէնը տասնամեակներու ընթացքին սփիւռքեան կրթական հաստատութեանց շուրջ գոյացան այնպիսի ախտաւորեալ կացութիւններ եւ անշրջանցելի հիմնախնդիրներ, որոնց շուրջ կամայ թէ ակամայ ոչ միայն սկսան հիւսուիլ բազում խոկամղիչ հարցադրումներ… այլեւ սկսան բարձրանալ ահազանգներ:
1- Բարոյա-Հոգեբանական Ընկալում Եւ Գնահատում
Բոլորիս քաջ յայտնի է, որ սփիւռքով մէկ տարածուած հայու բեկորները կ’ապրին երկիր մոլորակի ազգային, ընկերային-հասարակական, բարոյա-հոգեբանական, տնտեսա-քաղաքական, պատմա-մշակութային, կրթական, մտաւոր զարգացման, գիտա-արդիւնաբերական տարբեր մակարդակներու վրայ գտնուող երկիրներու մէջ եւ կը վայելեն այդ պետութեանց քաղաքացիութիւնը: Այս լաբիրինթոսին մէջ հայրենազուրկ ու յանկարծ այլ քաղաքացիութիւն կրող ծագումով հայ մարդը ի՞նչ վերաբերմունք ցուցաբերեց իր հոգեւոր ու կրթական աշխարհը հիմնաւորելու շուրջ: Ոմանք ակամայ յայտնուեցան օտար վարժարաններու մէջ եւ իրենց ներաշխարհը հարստացուցին այդ օտարներով: Ուրիշներ, ապաւինելով գէթ իրենց գործնական եւ ընտելացման յատկութիւններուն, կամայ նախընտրեցին օտար վարժարաններ ու կրթութիւն եւ անդառնալիօրէն ուծացան աւելի նոր ու հզօր կրթա-մշակութային հոսանքը գերադասելով…: Հոծ տարր մըն ալ մինչեւ համաշխարհային ճարտարագիտական եղաշրջական շրջափուլ ու մարդկութեան աշխարհայնացման ժամանակաշրջան թեւակոխելը, պատահականօրէն ու անհեռատեսօրէն «պայքարեցաւ» որպէսզի Մեսրոպատառ աննման տեսակը պահպանէ: Այս ողորմելի «ազգային»-հասարակական յատկութիւններով, յանկարծ յայտնուեցանք «իրատես» սերունդի մը առջեւ, որոնք իրենց երիտասրադ ծնողներէն ժառանգելով՝ «հայերէնը ի՞նչ պիտի ընենք», «հայերէնը ինչի՞ս պէտք կ’ըլլայ…» եւ նմանօրինակ այլ համարձակ ու անպատասխանատու կարգախօսեր, կը փորձեն արդարանալ եւ ընտելանալ ժամանակակից խիստ մասնագիտացուած կենցաղային կեանքին, զուրկ բոլոր հոգեւոր արժէքներէ: Ո՜վ ժամանակներ, ո՜վ բարքեր: Ո՞վ է պատասխանատուն այս բոլորին:
2 – Ո՞վ Է Պատասխանատուն
Մեր սերունդի խանձարուրեան օրերէն (բնականաբար եւ աւելի առաջ) «հայկական» վարժարաններու հովանաւորութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած էին քաղաքական կուսակցութիւնները, միութիւնները, համայնքներն ու եկեղեցին եւ սունկի պէս բուսած մեծահարուստները: Անցաւ կէս դար եւ աւելի եւ վերոյիշեալ հովանաւորները պահ մը իսկ չմտածեցին ստեղծել կատարեալ գիտա-կրթական համահայկական այնպիսի հաստատութիւններ, որոնք զերծ ըլլային քաղաքական ու համայնքային ազդեցութիւննրէ եւ համահունչ ըլլային ազգային եւ համաշխարհային եղաշրջական պահանջներուն…: Չկրցանք ստեղծել այնպիսի կրթական մարմին ու համակարգ, որ համահունչ ըլլար ժամանակակից միջազգային վարժարաններու որակին եւ պատշաճ ըլլար մեր ազգային արժէքներուն: Մերիններով, պատահականներով, պատեհապաշտներով եւ նոյնիսկ «ամենագէտներով» ողողեցինք մեր «կրթական կառոյցները», մինչեւ որ հասանք մերօրեայ քաոսային վիճակին:
3- Արդեօ՞ք Ճիշդ Է «Հայկական Վարժարան» Անուանումը
Աշխարհի բազում երկիրներու մէջ բնականաբար կը գործեն միջազգային վարժարաններ՝ ամերիկեան, ֆրանսական, սպանական, գերմանական, ռուսական, չինական…, իրենց ազգային-պետական ու կրթա-մշակութային նպատակամղուածութիւններով եւ ծրագրերով, իւրաքանչիւրն իր շրջանաւարտներուն շնորհելով իր իսկ երկրի պետական կրթական ծրագրին համապատասխան վկայականներ: Նոյնն է նաեւ Լիբանանի պարագան, ուր կը գործեն ամերիկեան, անգլիական, ֆրանսական, գերմանական… միջազգային վարժարաններ (ACS Beirut, CIS, Eastwood International School, MLF, DIS Beirut…) եւ իրենց շրջանաւարտներուն կը շնորհեն իրենց երկրի պետական կրթական ծրագրին համապատասխան վկայականներ…: Միեւնոյն վարժարաններէն ներս, եթէ աւարտական դասարանի աշակերտները ցանկութիւն յայտնեն նաեւ Լիբանանի պետական կրթական ծրագրով վկայական ձեռք ձգել, ապա անոնք կը հետեւին համապատասխան դասընթացքներու:
Իսկ մենք տասնամեակներ շարունակ ոչ միայն չկրցանք պատշաճ ու ժամանակակից հայերէն լեզուի, գրականութեան ու հայոց պատմութեան ծրագրեր մշակել եւ հրամցնել մեր աշակերտներուն (խոնարհս, քառորդ դար շարունակ դասաւանդած եմ երեք Մերձաւոր Արեւելեան եւ մէկ եւրոպական երկրի հայկական վարժարաններէ ներս: Ափսո՜ս, որ բոլոր վարժարաններն ալ միջնակարգի եւ երկրորդականի հայերէն լեզուի, գրականութեան ու հայոց պատմութեան ծրագրեր չեն ունեցած: Ստիպուած անձամբ ըստ աշակերտաց հայերէնի իմացութեան, մշակած եմ համապատասխան ծրագրեր), այլեւ պահ մը իսկ չփորձեցինք մտածել վերոյիշեալ վարժարաններու օրինակով համապատասխան՝ ազգային-հայկական վարժարան ստեղծելու մասին, մասնաւորապէս, երբ հայերէնը ճանչցուած է որպէս Լիբանանի պաշտօնական լեզուններէն մին եւ յատկապէս, այսօր բոլոր հնարաւորութիւններն ունինք հայրենի պետութեան հետ համագործակցաբար մշակելու համապատասխան ծրագիր: Ուստի այսօր կարելի՞ է մեր սփիւռքեան վարժարանները ՀԱՅԿԱԿԱՆ անուանել, եթէ հիմք ընդունինք վերոյիշեալ միջազգային վարժարաններու փաստացի առկայութիւնը` որպէս կրթա-մշակութային օրինակելի ժառանգ:
4 – Ինչո՞ւ Յայտնուեցանք Հայկական Վարժարաններ Փակելու Եւ Միաւորելու Փաստին Առջեւ
Այսօր մեր քաղաքական պայմանները աներկբայօրէն մեզ պէտք էր առաջնորդէին դէպի վերոյիշեալ միջազգային վարժարաններուն համահաւասար հայկական վարժարաններ ստեղծելու համապատասխան միջավայր, ուր ծագումով հայ կամ սփիւռքահայ աշակերտը բոլոր առարկաները սորվէր հայերէնով (արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն: Հայաստանի «անկախութենէն» ետք, ցաւօք սրտի ունեցանք նաեւ արեւելահայոց հոծ սփիւռք) եւ շրջանաւարտը հպարտ զգար համաշխարհային որակին համազօր իր հայկական կամ ՀՀ պետական կրթական ծրագրով վկայական ձեռք ձգելուն համար, ոչ թէ որպէս լոկ հոգեւոր, այլեւ որպէս կատարեալ գիտական որակեալ արժէք: Սակայն օրերը մեզ դրին «հայկական» վարժարաններու փակման կամ միաւորման ողբալի փաստին առջեւ:
Ինչո՞ւ յայտնուեցանք այս անբաղձալի դրութեան մէջ եւ ինչպէ՞ս կրցանք հարթել այդ գերզգայուն ու կաեւորագոյն հիմնախնդիրը:
Անցեալի Լիբանանի եւ ներկայիս Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմները,
տարածաշրջանին մէջ տիրող քաղաքական համակարգերու օրըստօրէ ճահճացող վիճակը, միջազգային տնտեսական ճգնաժամի սողոսկումը, արտագաղթի «փրկարար» ու անյագ դռներու բացումը, ոչ միայն խստօրէն նոսրացուցին սոյն երկիրներու հայորդաց թիւը, այլեւ իրենց բացասական անդրադարձն ունեցան նաեւ հայկական վարժարաններու գոյընթացին վրայ: Միւս կողմէն, որոշ հայ ընտանիքներու անբարեխիղճ, թերահաւատ եւ հիասթափ տրամադրութիւնները եւ անոնց զաւակներուն այլ (ոչ հայկական) վարժարաններ ուղարկումը, մէկ այլ վարակիչ բարոյա-հոգեբանական մթնոլորտ ստեղծեցին գաղութահայութենէն ներս՝ անկախ անոնց յայտարարած դրդապատճառներուն:
Գալով կարեւորագոյնին. արդեօ՞ք տարիներ շարունակ տուեալ հովանաւոր կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ համայնքներու պատահական «ղեկավարները» կրցած են արդարացնել իրենց առաքինութիւնը, երբ պատահական կրթական եւ ծնողաց խորհուրդներու հետ համագործակցաբար՝ ասի մերն է, մեղք է, այսինչը միջնորդեց… սկզբունքներով ու չափանիշներով նշանակած են «հայկական» վարժարաններու տնօրէններ եւ վարչական ու ուսուցչական կազմեր, առանց հաշուի առնելու տուեալ անձի ազգային կերտուածքը, վկայականները, կարողութիւններն ու նուիրուածութիւնը (բացառութիւնները յարգելի են): Արդեօ՞ք այդ պատահական «ղեկավարները» պահ մը մտածած են ներկայ անլար հաղորդակցման միջոցներուն համապատասխան հայկական կրթական ծրագրեր մշակելու մասին: Արդեօ՞ք այդ պատահական «ղեկավարները» վարժարաններ փակելու եւ միաւորելու գործընթացը իրականացնելու ժամանակ հաշուի առա՞ծ են նաեւ որոշ բացառութիւն կազմող գործազուրկ դարձող հայ ուսուցիչներուն շնորհները, կարողութիւններն ու անշահախնդիր նուիրուածութիւնը եւ պահ մը մտածած են, անիրաւաբար դուրս մնացած հայ ուսուցիչներու ապագայի մասին…: Արդեօ՞ք այդ պատահական «ղեկավարները» պահ մը մտածած են, իրենց վարժարաններուն մէջ «յաւիտեանս» պահուած հայաթափ տնօրէններուն առանձնայատուկ անկարողութեան եւ պատեհապաշտութեան մասին: Արդեօ՞ք…, արդեօ՞ք…: Արդեօ՞ք այդ պատահական «ղեկավարները» պահ մը մտածած են, որ իրենք եւս անքակտելի մէկ եւ գլխաւոր մասնիկն են սոյն աղէտին: Արդեօ՞ք այդ պատահական «ղեկավարները» կը մտածեն…: Արդեօ՞ք…:
«Սիրելիներ», գեղեցկագոյն «հայկական» վարժարաններու շէնքերուն կառոյցները, iPad-երը զարգացման չափանիշներ չեն, երբ չկան հայկական ժամանակակից կրթական ծրագրեր…: Բարձր կրթաթոշակները բացարձակապէս որակաւորման չափանիշներ չեն, երբ չունինք ժամանակակից կրթական չափանիշներուն համազօր ուսուցչական կազմ եւ մասնաւորապէս վկայեալ, ընտրեալ ու որակեալ հայ եւ հայերէնի ուսուցիչներ: Պատահական աշակերտներու հաւաքագրումը կրթական պարարտութիւն ունենալու չափանիշներ չեն, երբ չունինք մասնագէտ ու անկեղծ հայ տնօրէններ եւ նուիրեալ հայ կրթական խորհուրդներ: Լաւ ճաշ եփող ծնողական խորհուրդներու առկայութիւնը երբեք յուսադրիչ չափանիշներ չեն, երբ անոնք չունին երախտապարտ ու հայաբոյր զաւակնր դաստիարակելու ցանկութիւն, այլ ունին լոկ շահամոլութեան բնազդ…: Երեւակայական շղարշով մը գալիք մահը քօղարկելու մակաբոյծ «ղեկավարներու» հնարքները երբեք արդարացման չափանիշներ չեն…, երբ չկայ հաշուետուութիւն: ԱՆՏԷՐՈՒԹԻՒՆ…:
Ահա թէ ինչո՞ւ որոշեցի հեռանալ սրբազան գործէս՝ պահպանելով նուիրումս:
Ահա թէ ինչո՞ւ նախընտրեցի ՀԱՅ մնալ…:
Գորդեան հանգոյցը կը սպասէ Հայկազունեան ոգեղէն թուրին…: