Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Նեփալի Մէջ 8 Լեռնագնաց Զոհուած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նեփալի մէջ Կուրճա Հիմալ գագաթը բարձրանալու ժամանակ մահացած է առնուազն 8 լեռնագնաց: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով «Քոմսոմոլսքայա բրավտա» պարբերականը, այս մասին կը տեղեկացնէ «Ֆրանսփրես»ը:

Մահացածներէն չորսը ուղեկցորդներ են, ինչպէս նաեւ Հարաւային Քորէայի հինգ լեռնագնացներ, որոնցմէ մէկը անյայտ կորսուած է:

Տեղի ոստիկանները յայտնած են, որ անոնք մահացած են այն ժամանակ, երբ ձիւնամրրիկը աւերած է անոնց ճամբարը:

Անցեալ տարի Ապրիլին Նեփալի մէջ մահացած է զուիցերացի յայտնի լեռնագնաց Ուելի Սթեքը: Ողբերգութիւնը տեղի ունեցած է, երբ վերջինս Էվերեսթ բարձրանալու համար նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանէր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին