«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու դէմ պայքարող միջազգային միաւորումը, զոր կը գլխաւորէ Միացեալ Նահանգները, միջազգային բանաձեւերով արգիլուած սպիտակ ֆոսֆոր կիրարկած է սուրիական Հաճին քաղաքին մէջ իրականացուած օդային հարուածի ժամանակ: «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ նովոսթ»ին՝ յղում կատարելով սուրիական «SANA» գործակալութեան:
Ռմբակոծութեան ենթարկուած են Տէր Զօրէն 110 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քաղաքի որոշ շրջաններ:
«Ikhbariya» հեռուստաընկերութիւնը յայտնած է խաղաղ բնակչութեան մօտ մի քանի զոհի, ինչպէս նաեւ տուժածներու մասին:
Աղբիւրը կը նկատէ, որ սա արգիլուած զինամթերքի կիրարկումով առաջին հարուածը չէր Հաճինի նկատմամբ: Աւելին, Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերու հաշտութեան ռուսական կեդրոնը յայտնած էր, որ Սեպտեմբեր 8-ին ամերիկեան F -15 ինքնաթիռները քաղաքը ռմբակոծելու ժամանակ կիրարկած են ֆոսֆորային արկեր, որուն հետեւանքով հրդեհներ բռնկուած են: Այդ ժամանակ միաւորումէն յայտնած են, որ սպիտակ ֆոսֆորով սպառազինութիւն չունին:






