Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Լրատուամիջոցները Կը Յայտնեն Սուրիոյ Մէջ ԱՄՆ-ի Գլխաւորած Միաւորումի Կողմէ Սպիտակ Ֆոսֆոր Կիրարկելու Մասին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու դէմ պայքարող միջազգային միաւորումը, զոր կը գլխաւորէ Միացեալ Նահանգները, միջազգային բանաձեւերով արգիլուած սպիտակ ֆոսֆոր կիրարկած է սուրիական Հաճին քաղաքին մէջ իրականացուած օդային հարուածի ժամանակ: «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ նովոսթ»ին՝ յղում կատարելով սուրիական «SANA» գործակալութեան: 

Ռմբակոծութեան ենթարկուած են Տէր Զօրէն 110 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քաղաքի որոշ շրջաններ:

«Ikhbariya» հեռուստաընկերութիւնը յայտնած է խաղաղ բնակչութեան մօտ մի քանի զոհի, ինչպէս նաեւ տուժածներու մասին:

Աղբիւրը կը նկատէ, որ սա արգիլուած զինամթերքի կիրարկումով առաջին հարուածը չէր Հաճինի նկատմամբ: Աւելին, Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերու հաշտութեան ռուսական կեդրոնը յայտնած էր, որ Սեպտեմբեր 8-ին ամերիկեան F -15 ինքնաթիռները քաղաքը ռմբակոծելու ժամանակ կիրարկած են ֆոսֆորային արկեր, որուն հետեւանքով հրդեհներ բռնկուած են: Այդ ժամանակ միաւորումէն յայտնած են, որ սպիտակ ֆոսֆորով սպառազինութիւն չունին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին