«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 14-ին այցելած է Գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան կապակցութեամբ Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ կազմակերպուած տօնավաճառ:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահը շրջած է տաղաւարները, ծանօթացած շրջաններու եւ անհատ ձեռներէցներու կողմէ ներկայացուած ապրանքներուն, մասնակիցներուն հետ զրուցած անոնց աշխատանքին մէջ առկայ խնդիրներուն շուրջ:






