ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Մեր մանկութեան ու պատանեկութեան 1940-ական տարիներուն յուշերը երբ կը մտաբերենք, այստեղ կը տեսնենք առաջին հերթին պայծառ դէմքը մեր շատ սիրելի ու հոգեհարազատ դաստիարակին եւ ուսուցչուհիին` օր. Մաքրուհի Թաթուլեանին։ Մեր մարդկային, ազգային եւ հայրենասիրական կազմաւորման մէջ իր իւրայատուկ դրոշմը ձգած մեր վաստակաւոր ուսուցչուհին իր ալեհեր տարիքին հանդէս եկաւ հատորով մը «Կեանքին Առաքելութիւնը Ծիածանի Գոյներով»: Գրքին բովանդակութիւնը կը կազմեն հեղինակին յօդուածները, նշմարներն ու յուզական պահերու նկարագրութիւնները տարբեր ժամանակներուն տպուած, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի խմբագրութեամբ, Շիրակ հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած, եւ դստեր ու ամուսնին Ժագ եւ Մարալ Սէմէրճեաններու մեկենասութեամբ։
Գաղթական կիլիկեցիներու կազմած ընտանիքներու Լիբանանի մէջ ծնած ու հասակ առած առաջին սերունդի ներկայացուցիչներէն է Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեանը։ Հաճընցի Գրիգոր եւ Զարուհի Թաթուլեաններու բազմանդամ ընտանիքին մէջ կեանքին կը բացուէր Մաքրուհին ճաշակելով գաղթականութեան հետեւանք հանդիսացող բոլոր դժուարութիւնները ազգային, տնտեսական, ընկերային եւ այլ մարզերու մէջ։ Աշակերտելով նորաբաց Սահակեան վարժարանին նախ վրանաքաղաքի եւ ապա Նոր Հաճըն փոխադրուած թիթեղածածկ կրթական օճախին, ան կ’աւարտէ դպրոցի 6ամեայ կրթական ծրագիրը 1939 թուին պատուաբեր արդիւնքներով։ Ինչպիսի բախտորոշ զուգադիպութեամբ նոյն թուականին կը հիմնադրուի Դարուհի Յակոբեան Աղջկանց երկրորդական վարժարանը, ուր կը հրաւիրուի Մաքրուհին՝ շարունակելու իր ուսումը որպէս ուսումնապէս յառաջադէմ սանուհի, ուրկէ շրջանաւարտ կ’ըլլայ 1943 թուին գերազանց գնահատականով։ Ան իսկոյն կը լծուի ուսուցչական ասպարէզին Նոր Հաճնոյ Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանէն ներս, ուր կը պաշտօնավարէ մինչեւ իր ամուսնութիւնը 1958 թուին 15 տարիներ շարունակաբար։ Ինծի հետ մեծ թիւով աշակերտ աշակերտուհիներ Սահակ-Մեսրոպեանի մէջ բախտաւորութիւնը ունեցան զինք ունենալու որպէս հայերէն լեզուի, գիտութեան, աշխարհագրութեան եւ Հայոց պատմութեան ուսուցչուհի՝ մեծապէս օգտուելով իր մանկավարժական եւ կրթական հմտութենէն ու բացառիկ հաղորդականութենէն։ Իմ սերունդս ու հետագայ սերունդները միշտ ալ երախտապարտ մնացին տիկ. Մաքրուհիի կողմէ մեզի փոխանցուած հիմնական գիտելիքներու պաշարին որոնք մեր հետագայ ուսումնական կեանքի ենթահողը կազմեցին։ Անոր ուսուցչական կեանքի երկրորդ հանգրուանը սկիզբ առաւ 1964 թուին, երբ ան պաշտօնավարեց Ազգային Ռուբինեան վարժարանէն ներս 28 տարիներ որոնց վերջին հինգ տարիները՝ որպէս տնօրէնուհի։ Տիկ. Մաքրուհի իր յառաջացած տարիքին եւ 1968-1970 տարիներուն հետեւելով Հայկազեան ուսուցչանոցի ծրագրին, տիրացաւ ուսուցչական վկայականին «Normal Diploma»՝ քայլ պահելով իր ժամանակակից մանկավարժութեան նորութիւններուն հետ եւ զանոնք ի գործ դնելով իր դասաւանդութեանց ընթացքին։ Հատորին մէջ ընդգրկուած ուսուցչական իր փորձառութենէն մեկնող եւ մակավարժական ճիշդ դիրքորոշումներով յատկանշուող գրութիւնները ունին վաւերականութիւն։ Դպրոցական տարիքի փոքրիկներու մտային եւ ընկերային կազմաւորման նկատմամբ իր ըմբռնումը եւ իր մատնանշուած ուսումնական եւ հոգեբանական խնդիրներու ախտաճանաչումն ու լուծման եղանակները համոզիչ են եւ օգտակար։ Իր ուսուցչական վաստակի գնահատութիւնը, բացի իր աշակերտներու վկայութենէն, հանդիսացաւ նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ 2017ին իրեն շնորհուած երախտագիտութեան մետալը, որուն ան լիովին արժանի էր։
Տիկ. Մաքրուհին ուսուցչութեան կողքին գաղութահայ ընկերային, հասարակական, գաղափարական կեանքին մէջ իր դերը ունեցած էր։ Երկարամեայ ատենապետուհին եղած է ՀՄՄի Օրիորդաց եւ Տիկնանց յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ նախագահուհին Մարօ Նազարբէկեան Կանանց մասնաճիւղին։ Իր գլխաւորութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկներուն ընդմէջէն ան իրազեկ դարձուցած է հայ հասարակական կեանքը կնոջ իրաւունքներուն եւ փոխուող ընկերային դերին, սերմանելով հաւատքը իգական սեռին մէջ ինքզինքին հանդէպ եւ իր բազմապիսի կարելիութիւններուն նկատմամբ։ Հայ կնոջ մէջ ազգային գիտակցութեան ու հայրենիքի հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը միշտ շեշտած է ան եւ հատորին մէջ լոյս տեսած իր բանախօսութիւններու բովանդակութիւնը կը վկայէ այդ կեցուածքը։
Իր սերունդի կիներու գործունէութեան մէջ հազուագիւտ երեւոյթ էր յօդուածագրութիւնը։ Տիկ. Մաքրուհին ուսուցչական ասպարէզէն հանգստեան կոչուելէն ետք կը ստորագրէր յօդուածներ, նշմարներ, վերլուծումներ ու տպաւորապաշտ էջեր յատկապէս հայ գրականութենէն կատարած ընթերցանութեանց հիման վրայ։ Հաճոյքով կը կարդացուին իր սիրած վէպերուն, պատմուածքներուն կամ թատերգութեանց մասին դատումներն ու մօտեցումները։ Գրականութեան մէջ բարոյական արժէքներ փնտռող հայ կինն ու դաստիարակն է անկասկած։ Ան ընթերցողը հաղորդակից կը դարձնէ իր սիրած հայ բանաստեղծներու, թատերագիրներու եւ վիպագիրներու գործերուն, գիրքի էջերուն կը տողանցեն Ռաֆֆին, Շիրվանզադէն, Շահնուրը, Համաստեղը, Չարենցը, Նարդոսը, Մկրտիչ Արմէնը, Երուխանը, Զապէլ Եսայեանն ու Սիլվա Կապուտիկեանը։ Ան կը ձաղկէ ընկերային անարդարութիւնը Շիրվանզադէի յատկապէս «Նամուս»ին մէջ իսկ «Պատուոյ համար»ի վերլուծման առիթով կնոջ ազատագրութեան ձգտող նախապաշարումներէ զերծ ընկերութիւն մը կը ջատագովէ։ Մկրտիչ Արմէնի «Հեղնար Աղբիւր» վիպակի ներկայացման մէջ անդրադառնալով սիրոյ թեմային կը դատապարտէ արտամուսնական սէրը, որ առհասարակ ողբերգութեամբ վերջ մը կը գտնէ։ Ռաֆֆիի «Սամուէլ» վէպը մանրամասնօրէն ներկայացնելէ ետք կը կողմնորոշուի Սամուէլի կողքին, որ իր հայրը կը սպաննէ յանուն հայրենասիրութեան։ Չարենցի կեանքն ու եղերական մահը իր ստեղծագործական երկունքով մեծ հիացումով կը մեկնաբանէ, իսկ Շահան Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի»ի վէպի հերոսուհի Նէնէթի տիպարը կը վերլուծէ յատուկ զգացականութեամբ։ Հայ գրականութեան մէջ յայտնի գիւղագիր Համաստեղի պատմուածքներուն վրայ կը սեւեռէ իր ուշադրութիւնը ու կը մատնանշէ գիւղական բարքերու եւ նախապաշարումներու աշխարհը, որ առանց Համաստեղի եւ այլ գիւղագիրներու գրչին յաւէտ կորած պիտի ըլլային հայ գրականութեան համար։ Հեղինակի գրութիւններուն մէջ կարելի է հանդիպիլ նաեւ իր սիրած ֆիլմերու ներկայացման ու անկէ քաղուելիք դասերուն ինչպէս քազաքներու «Թարաս Պուլպա» ֆիլմը եւ նշանաւոր դերասան Եուլ Պրայնըրի խաղարկութեամբ։
Մտորումներու եւ խորհրդածութիւններու բաժնով հեղինակը կ’արտայայտէ իր կենսափիլիսոփայութիւնը մասնաւորաբար նոր տարուան խոկումներուն ընդմէջէն։ Լաւատեսութեամբ լեցուն է իր հոգին եւ դրական մօտեցումով կը նայի իր շուրջը տեղի ունեցող դէպքերուն, սակայն կ’ընդվզի ի տես երեւոյթներու, որոնք ազգավնաս են, ինչպէս ատագաղթը Հայաստանէն։ Ան պատասխանատուութեան կը հրաւիրէ այն պետական այրերն ու մարմինները, որոնք պատճառ կը հանդիսանան Հայաստանի քաղաքացիներու հայրենալքումին ստեղծելով անհադուրժելի ընկերային եւ տնտեսական պայմաններ։
Սէրը Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, ծնողքի, զաւկի, աշակերտի հանդէպ ու իր բոլոր բարեկամական ու ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ գերակշիռ է։ Սէրը կը հանդիսանայ այն գերբնական ուժը որը զինք թեւաւորած է պայքարելու կեանքի բազմազան դժուարութիւններուն դէմ յանդիման եւ ամէն գնով յաղթահարելու զանոնք։ Նոյն այդ սէրն է որ զինք պահած է յունական հիւանդանոցին մէջ իր ամուսնի կողքին մօտ երեք ամիսներ։ Պատրիարքական ամենադժնդակ օրերուն ան ամէնօրեայ սէր ու հոգածութիւն կը ցուցաբերէր իր ամուսնին` Հայկազին նկատմամբ։ Գրքին մէջ հրատարակուած օրագրութիւններու փունջը կը վկայեն այդ անբացատրելի սիրոյն մասին յատկապէս անոր անդամահատութեան ահաւոր երեւոյթին դիմաց։
Մասնաւոր հոգեկան բաւարարութեամբ կը կարդացուին այն մահախօսականները որ տիկին Մաքրուհին յանձնած է մամուլին ընտանեկան եւ բարեկամական շրջանակներէ յաւէտ բաժնուող սիրելիներու եւ գործակիցներու մասին։ Այնպիսի ձեւով կը ներկայացնէ ան մահացողի կեանքի արժեւորումը, որ զարմանալիօրէն ընթերցողը կը սփոփուի ու կը գտնէ իր հոգեկան խաղաղութիւնը։ Բաժանման ցաւէն աւելի ան կը շեշտէ մեկնողին ձգած աւանդին կարեւորութիւնը ընտանիքին եւ ընկերութեան կեանքին մէջ որով ան ընդմիշտ կը յիշատակուի։ Հեղինակը յուզումով եւ կարօտով ձօնած է իր գիրկը վաղամեռիկ քոյրերուն Թագուհիի եւ Մարի յիշատակին։
«Կեանքի Առաքելութիւնը Ծիածանի Գոյներով» հատորի հրատարակութեան յղացումը կը պատկանի դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին որուն խմբագրական հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ ի մի հաւաքուած են հեղինակին մամուլի էջերուն մէջ տպագրուած գրութիւններէն ընտրանի մը։ Նախաձեռնութիւն մը, որ, բացի հաճելի ընթերցանութիւն շնորհելէ, կը միտի յետեղեռնեան սերունդի Լիբանանէն ներս անցուցած գաղթականի դժուար առօրեան պատկերացնել ու վաւերական վկայութիւնը ներկայացնել հանրութեան։ Հատորը անկասկած պիտի ծառայէ որպէս աղբիւր հայկական գաղութներու կազմաւորման, հոլովոյթին եւ նուաճումներուն նուիրուած ուսումնասիրութիւններուն, որոնց գործընթացը ակներեւ է Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի իրագործուած եւ իրագործելի ծրագիրներու ծիրէն ներս։
Կրթական, ազգային-հասարակական եւ ընկերային լայն վաստակի տէր Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեանի իմաստաւորուած կեանքին ու մտածողութեան արգասիքը հանդիսացող սոյն հատորը իր վարակիչ շունչով, բիւրեղեայ լեզուով եւ մատուցումի գրաւչութեամբ երկար պիտի արձագանգէ ընթերցողներու հոգիներուն մէջ։