ՀԲԸՄիութեան 2018-2019 կրթական տարեշրջանի վերամուտը իրաւամբ իւրայատուկ էր, մանաւանդ հետեւեալ գործօններու եւ երեւոյթներու արձանագրութեամբ.
ա. Միութեան սեփական վարժարանները (մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ, երկրորդական) միեւնոյն երդիքի ու դպրոցաշէնքի մէջ կը գործեն:
բ. Անթիլիասի նախկին Պ. Գ. Կարմիրեան վարժարանը, վերանորոգուած, բարեկարգուած ու բարեզարդուած տեսքով, «ՀԲԸՄիութեան Վարժարաններ» անուամբ մկրտուած, նոր գրասեղաններու, արդիական գրատախտակներու, զովացուցիչ մեքենաներու (AC) եւ ընդհանրապէս դասարանային լաւագոյն յարմարութիւններով օժտուած, աշակերտութեան եւ ուսուցչութեան տրամադրութեան տակ դրուած են:
գ. Ուսուցչական կազմը, միախառնուած ու նորացուած կարգով, ուսումնական գործունէութեան եւ ընդհանրապէս կրթական կեանքին լաւագոյնս նուիրուելու ու ծառայելու համար կոչուած է արդիւնաւէտ ու բարեբեր աշխատանքի յաջողութեան:
դ. Ծնողներու եւ աշակերտներու գոհունակութիւնը, ի տես կրթական ու դաստիարակչական ծրագիրներուն, նոր որակ ու սլացք տալու միութեան վարժարաններու վերելքին ու զարգացումին մէջ:
Բնական է, այսպիսի ոգեշունչ ու հոգեպարար պայմաններու մէջ, կրթական վերամուտը պիտի ըլլար ներշնչող բոլորին համար, բարեյաջող եւ օգտաշատ տարեշրջան մը բոլորելու վճռակամութեամբ:
Տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչակազմը արդէն նախօրօք ոգեւին լծուած էին դիմաւորելու աշակերտութիւնը՝ յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծած ըլլալով դասարաններէն ներս եւ ընդհանրապէս դպրոցին մէջ, «կազմ ու պատրաստ»ի անմիջական մասնակցութեամբ:
Միութեան պատասխանատուները, գիտակից յանձնառութեամբ ու պատասխանատուութեամբ, ձեռնարկեցին կրթական կեանքին տալու վերանորոգ յղացք, սահուն ընթացք ու փայլուն ապագայ, որուն համար չխնայեցին ոչ մէկ ճիգ, ընդհակառակը, ամէն տեսակի բարձր պայմաններ ստեղծելով:
Այդ է պատճառը, որ աշակերտութիւնը մեծ խանդավառութեամբ եւ ոգեւորութեամբ դիմաւորեց կրթական տարեշրջանը, միջավայրին յատուկ պայմաններու մէջ, ուսումնական ծրագիրներու դաստիարակչական ու գիտելիքային բովանդակութեամբ, ուսուցիչներուն հետ կարօտալի ու սիրալիր հանդիպումներով, բայց մանաւանդ դասընկեր-դասընկերուհիներուն հետ վերամիանալու հրճուանքով:
Մատչելի կարելիութիւնները, որոնք ստեղծուած էին կրթական տարեշրջանին համար, յուսադրիչ ու գօտեպնդիչ էին, որոնք արդէն կ’երեւային թէ՛ աշակերտութեան, թէ՛ ուսուցչութեան դէմքին, այն հեռանկարով, որ ամէն ոք իր պարտականութեան մէջ յաջողութիւն կ’արձանագրէ ու կը բոլորէ բարւօք տարեշրջան մը:
Այս վարակիչ մթնոլորտին մէջ, անշուշտ, կարեւոր ու նպաստաւոր դեր ունեցած էին ծնողները, որոնց իրեն պարտականութեանց բարձր գիտակցութեամբ, զօրավիգ կանգնած էին Միութեան պատասխանատուներուն կատարած շինիչ ու կառուցողական աշխատանքներուն:
Արդէն մէկութեան ու միութեան գաղափարները, որոնք որդեգրուած են այս նոր տարեշրջանը դարձնելու մեկնակէտ մը, դէպի նոր յաջողութիւններ ու հեռանկարային ծրագիրներու հասնելու համար, կը հաստատեն թէ ամէն ինչ ամուր հիմերու վրայ դնելու համոզում մը կայ բոլորին մօտ:
Հիմնականը այն է, որ հայ դպրոցը պահելու համար իր կիզակէտային թռիչքին վրայ, համախումբ աշխատանքները մնալու են առողջ ու բարենպաստ դիրքերու վրայ, իսկ ատոնց երաշխաւորները պիտի ըլլան տնօրէնութիւն-կրթական մշակներ-ծնողներ-աշակերտութիւն առանցքը, իր արդիւնաբերութեամբ եւ արտադրողականութեամբ, ուր հայեցի կրթութիւնը, ազգային դաստիարակութիւնը, ուսումնական գիտութիւնը եւ քաղաքացիական գիտակցութիւնը պիտի տան իրենց գործնական ու քաջալերական հունձքերը:
Միութեան վարժարաններու վերամուտեան զգացումները այս լաւատեսութիւնը կը յուշեն, մանաւանդ՝ ի տես այն բարձր տրամադրութեանց, որոնք պարզուեցան ներկայ հանգրուանին, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ գործը եւ ընթացքը իրենց ուղեգիծով ու շառաւիղով միութենական գնացքը կրնան առաջնորդել դէպի լոյսի անսպառ ու վստահելի աղբիւրներ:
Բարի վերամուտ եւ բարի երթ, միութեան վարժարաններուն, ուսուցչակազմին եւ աշակերտութեան: