Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովին Մասնակիցները Ջերմ Ծափահարութիւններով Ողջունեցին Շառլ Ազնաւուրի Յաւերժական Ներկայութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Երեւանի մէջ իրականացուող Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովին մասնակիցները ձեռնարկին սկիզբը ջերմ ծափահարութիւններով ողջունած են աշխարհահռչակ հայ երկիգ Շառլ Ազնաւուրի յաւերժական ներկայութիւնը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր բացման խօսքին մէջ նշած է, որ կ՝ուզէ արտայայտել այն անսահման ցաւը, որ զինք կը համակէ Շառլ Ազնաւուրի մասին մտածելու պահուն:

«Այնքան արժէքաւոր անձնաւորութիւն մը, որ մեզմէ հեռացաւ Հոկտեմբեր 1-ին: Այդ մեծ անձնաւորութիւնը, ֆրանսերէն լեզուի դեսպանը 100 տոկոս ֆրանսացի էր, միեւնոյն ժամանակ 100 տոկոս հայ: Ինչպէս ինք կը սիրէր ըսել, կը փափաքէր երկար ժամանակ ըլլալ մեր կողքին՝ արտայայտելու իր նուիրուածութիւնը սիրելի երկու երկիրներուն՝ Ֆրանսային եւ Հայաստանին, նաեւ նշանաւորելու համար Ֆրանսախօս երկիրներու տօնը, որուն ամբողջ կեանքին ընթացքին կը ծառայէր: Ֆրանսական մեծ երգիչի գլուխգործոցները, որոնք արդէն բազմաթիւ սերունդներու ուղեկցած են եւ դեռ պիտի ուղեկցին, երկար պիտի մնան մեր յիշողութիւններուն մէջ: Մենք կը սգանք, որովհետեւ կը սիրենք: Ան, ըլլալով Հայաստանի եռանդուն պաշտպան, մեր երկրի դեսպանը միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, բարձր պահած է Հայաստանի անունը: Մենք յաւերժ երախտապարտ պիտի ըլլանք իրեն: Ան հեռացաւ մեզմէ, բայց ներկայ է մեր մտքերուն մէջ: Անոր յիշատակը 1 վայրկեան լռութեամբ յարգելու փոխարէն, կը խնդրեմ անոր յիշատակը տօնելու համար ջերմ ծափահարութիւններով ողջունել Շառլ Անզնաւուրի յաւերժական ներկայութիւնը»,- ըսած է  Նիկոլ Փաշինեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին