«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –2018 թուականի ինը ամսուան ընթացքին 56 լրագրող սպաննուած է մասնագիտական գործունէութեան պատճառով: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Հոկտեմբեր 13-ին յայտնած են «Թղթակիցներ առանց սահմաններու» միջազգային կազմակերպութեան մէջ:
Այդպիսով, այս ցուցանիշը արդէն այժմ աւելի բարձր է, քան ամբողջ 2017 թուականին, երբ 55 մարդ սպաննուած էր: Կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 2018 թուականի սկիզբէն ի վեր լրագրողներու սպանութեան դէպքերու կէսէն աւելին գրանցուած է զինուած հակամարտութիւններու գօտիներուն մէջ: Աւելի մեծ թիւով լրագրողներ սպաննուած են Աֆղանիստանի (13), Եմէնի (5), ԱՄՆ-ի (6) եւ Մեքսիկայի մէջ (6):
«Թղթակիցներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Քրիսթոֆ Տելուարի խօսքով՝ վիճակագրութիւնը կը մատնանշէ լրագրողներու պաշտպանութեան համար միջոցներու ձեռնարկելու սուր անհրաժեշտութիւնը: Մասնաւորապէս, ան կոչ ըրած է հիմնելու ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօն, որ պիտի զբաղի այդ հարցերով: Տելուարը նշած է, որ այդ նախաձեռնութիւնը աւելի ու աւելի շատ կառավարութիւններ կը պաշտպանեն, ինչպէս նաեւ հարիւրէն աւելի լրատուամիջոցներ, կազմակերպութիւններ ու լրագրողներու միութիւններ, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը:






